Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ կը շարունակուին աշխուժ բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի գլխաւորած լիբանանեան պատուիրակութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային դրամատան աշնանային բանակցութիւններուն երկու կառոյցներուն ու միջազգային այլ գործընկերներու կը ներկայացնէ բարեկարգչական ծրագիրներ, որոնք կառավարութիւնն ու խորհրդարանը մշակեցին Լիբանանի տնտեսութեան առողջացման անհրաժեշտ աջակցութեան ապահովման համար:

Ելեւմուտքի նախարարը Միջազգային դրամական ֆոնտին ներկայացուց միջին տեւողութեամբ ելեւմտական ծրագիր մը, ինչ որ բանակցային հոլովոյթին մէջ դրական քայլ է, եւ այժմ աշխատանք կը տարուի անոր զարգացման համար:

Ֆոնտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւնները կեդրոնացան դրամատուներու վերադասաւորման վրայ: Ներկայացուեցաւ ֆոնտին Լիբանանին տրամադրած թեքնիք օգնութիւնները, որոնք կը ներառեն տուրքերու եւ մաքսատուրքերու բարեկարգումներ, եկամուտի կառավարման առնչուած բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ կարողականութիւններու կառուցման մէջ գործակցութիւնը:

Միջազգային դրամատան հետ ժողովներու ընթացքին ներկայացուեցան Լիբանանի համար Միջազգային դրամատան ծրագիրները` կեդրոնանալով ելեկտրականութեան, կազի ու ջուրի ծրագիրներու որդեգրումը արագացնելուն վրայ եւ պատրաստելով ընկերային ապահովութեան եւ թուայնացման երկու նոր ծրագիրներ:

Լիբանանեան կառավարութեան ջանքերը Միջազգային դրամատան կողմէ դրական արձագանգի արժանացան: Դրամատունը ողջունեց բարեկարգումներու ձեռնարկումը, եւ իբրեւ այդ աջակցութեան գործնական արտայայտութիւն Միջազգային դրամատունէն 10 գործադիր տնօրէններ նոյեմբերի սկիզբը պիտի այցելեն Լիբանան:

Ժապեր 1971 թուականին հիմնուած զարգացող պետութիւններու «24-երու խմբակ»-ի  նախարարական ժողովի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց, թէ Լիբանանի դէմ պատերազմին պատճառած վնասը կը գնահատուի աւելի քան 11 միլիառ տոլարով, որուն վրայ կ՛աւելնան նաեւ մարդկային կորուստներն ու տեղահանութեան ալիքները:

«Լիբանան խաչմերուկի վրայ կանգնած է եւ հսկայական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, սակայն վճռակամ է առողջացման ճամբով ընթանալու»:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` օժանդակութիւններու տրամադրման շտապելու եւ քաղաքականութիւնը մարդկային կարիքներէն առաջնահերթ չնկատելու:

Ժապեր նշեց, որ Լիբանան, հակառակ իր աննախադէպ ելեւմտական ճգնաժամին եւ անոր ազգային դրամանիշին իր արժէքին 90 առ հարիւրը կորսնցնելուն, տակաւին յանձնառու է միջազգային իր համաձայնութիւններուն եւ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել համաշխարհային առեւտուրի շարժումին:

«Լիբանանի միջազգային ընտանիքէն խնդրածը բարեգործութիւն չէ, այլ իսկական գործընկերութիւն, որ կը վերականգնէ պետութեան հաստատութիւններուն ու անոր տնտեսութեան նկատմամբ վստահութիւնը եւ ժողովուրդին աւելի լաւ ապագայի նկատմամբ յոյս կը ներշնչէ», յայտարարեց ելեւմուտքի նախարարը:

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
Սինիորա Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իշխանութեան Միասնականութեան Ու Վճռականութեան Եւ Որոշումի Գործադրութեան Մէջ Իմաստութեան Կոչ Կ՛ուղղէ
Լիբանանեան

Սինիորա Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իշխանութեան Միասնականութեան Ու Վճռականութեան Եւ Որոշումի Գործադրութեան Մէջ Իմաստութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?