Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»
Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան բաց նամակ մը յղելով յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի կարգ մը պարտքերու վճարումը պետութեան իր բոլոր հաստատութիւններով հարաւային Լիբանանի մէջ իր դերակատարութիւնն ու կարելիութիւնները մեծցնելու մէջ է, «եւ ասիկա չկայ, ո՜վ Լիբանանի պետական այրեր: Լիբանանին ու անոր ընտրանքներու բնոյթին պահն է, որովետեւ Լիբանանի հարաւը, ինչպէս նաեւ Պեքան իրենց ճակատագիրին ձգուած են, անոնց ժողովուրդը իր ճակատագիրին ձգուած...




















