Լիբանանեան եւ իրաքեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ միջնորդներ սերտած են Հըզպալլայի մօտ գտնուող ռազմավարական զէնքեր իբրեւ «աւանդ» Իրաքի մէջ «երաշխաւոր» կողմերու փոխանցելու հարցը, սակայն Միացեալ Նահանգներ «կտրուկ կերպով» մերժած են առաջարկը:
Իրաքեան աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնած է. «Լիբանանեան եւ իրաքեան անձնաւորութիւններու միջեւ քննարկուեցաւ առաջարկ մը, որ կ՛երաշխաւորէ Հըզպալլայի զէնքը յանձնել շիի երաշխաւոր կողմի մը, որ կրնայ ամերիկացիներուն հետ բանակցիլ»:
Սակայն Ուաշինկթըն կտրուկ պատգամ մը ուղղած է` պնդելով պետութիւններու զուգահեռ իրանեան առանցքին մաս կազմած բոլոր գոյացութիւններու զինաթափման անհրաժեշտութեան վրայ: