Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ, իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մէջ լայնածաւալ ռազմափորձերու կը ձեռնարկէ: Բանակը նշեց, որ կիրակի գիշեր սկսող եւ հինգշաբթի օր աւարտող ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի կիրարկուին շրջանի պաշտպանութեան եւ ուղղակի սպառնալիքներու հակադարձութեան տարբեր բեմագրութիւններ: Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ ռազմափորձերու ընթացքին պիտի լսուին պայթումի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ պատերազմական օդանաւերու ձայներ, պիտի կիրարկուին մարտանաւեր եւ ապահովական...



















