– ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ «Լիպան Փոսթ» ընկերութիւնը այսօրուընէ պիտի սկսի ընդունիլ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան առնչուած գործողութիւնները եւ ներկայիս անոր տրամադրած ծառայութիւնները:
– ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Տեղեկութիւններուս համաձայն, ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ժամկէտին, եւ ատոր բացարձակապէս արգելք չկայ, ուստի որեւէ պայմանի տակ, նոյնիսկ երկրաշարժի պարագային ընտրութիւններու յետաձգումը բացառուած է»:
– ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ներքին բոլոր կողմերը այլեւս կը գիտակցին, թէ արտերկրի լիբանանցիներու վերաբերեալ ճակատումը որեւէ տեղ պիտի չհասցնէ, եւ արտերկրի լիբանանցիներուն ամբողջ խորհրդարանին քուէարկելու իրաւունք տալու համար ներկայ ընտրական օրէնքը բարեփոխելու ճամբան կը բախի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մերժումին»` աւելցնելով. «Օրէնքի բարեփոխման եւ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան որդեգրման կարողութիւն արդէն գոյութիւն չունի»:
Պաշտօնատարը կը նշէ, թէ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան համար պայքարողները զիրար հակասող քայլեր կը կատարեն. անոնք հրապարակաւ մագլցողական հռետորաբանութիւն կ՛որդեգրեն, սակայն քուլիսներու ետին առանց արտերկրի լիբանանցիներու ընտրութիւններու կը պատրաստուին:
– «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Զինադադարի համաձայնութեան հսկողութեան յանձնախումբը` Մեքանիզմը չորեքշաբթի կէսօրին Նաքուրայի մէջ ժողով մը պիտի գումարէ»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արաբական երկիրները կը ձգտին վերացնել Դիմադրութեան առանցքը նոր ժամանակաշրջանին մէջ` հաշուի առնելով ամերիկեան եզակի պնդումը, որ այսուհետեւ ետդարձ պիտի չարտօնէ»:
– ՇԻԻ երկեակի մօտիկ աղբիւրներ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խօսքին մասին. «Ձրի ծառայութիւններ կը մատուցէ թշնամիին եւ կ՛արդարացնէ յարձակումներու շարունակումը: Ան հեռու է իսկական գերիշխանութենէն, որ կ՛ենթադրէ որդեգրել հանրապետութեան նախագահին ու բանակի հրամանատարին կեցուածքը»:
– 95 եւ 98 օքթան պենզինները նուազեցան 12000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.436.000 լ.ո.-ի եւ 1.476.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը` 9000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.351.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը` 13000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.102.000 լ.ո.-ի: