Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Այն, ինչ որ 7 հոկտեմբեր 2023-ին «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ, իսրայէլացի թշնամիին հետ տագնապի երթին մէջ պատմական շրջադարձ էր»:

«Այսօր մուտք գործեցինք երրորդ տարին այդ պատերազմին, որ տակաւին բաց է բոլոր կարելիութիւններուն վրայ, որովհետեւ թշնամիին խոստումները, ուժ եւ օրէնք յարգելը վստահելի չէ: Անիկա բոլոր արժէքներէն եւ սկզբունքներէն զուրկ գոյացութիւն է», նշեց երեսփոխանը:

Անդրադառնալով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումներուն` ան շեշտեց. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ քաղաքայիններուն, տնտեսութեան եւ ազգային գերիշխանութեան դէմ ոճիր է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան հողերու բացայայտ ոտնահարում»:

«Ո՞ւր են անոնք, որոնք գերիշխանութեան կարգախօսը կը բարձրացնեն որեւէ փոքր մանրամասնութեան պարագային, ապա կը լռեն, երբ Իսրայէլ այսքան լկտիութեամբ կը բռնաբարէ», հարց տուաւ երեսփոխանը:

Իզզէտտին լիբանանեան պետութեան կոչ ուղղեց` «տէր կանգնելու իր ազգային պարտաւորութիւններուն եւ պաշտօնական միացեալ, քաջարի եւ կտրուկ կեցուածք որդեգրելու, սկսելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնելով եւ հասնելով մինչեւ մեծ տէրութիւններու դեսպանները կանչելն ու անոնց փոխանցելը կտրուկ կեցուածք մը եւ յստակ դատապարտում մը` թշնամիին վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ժողովրդային ուժերուն պետութեան թիկունք կանգնիլը եւ իսրայէլեան բռնակալութեան ու անոր գործընկեր Ամերիկայի դէմ անոր կեցուածքին աջակցիլը, որովհետեւ ազգային կեցուածքի միաւորումը եւ լիբանանցիներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնը Դիմադրութեան եւ հայրենասէր բանակի կողքին ուժի երեսներէն մէկն է»:

Իզզէտտին անդրադարձաւ Հըզպալլայի երկու ընդհանուր քարտուղարներու նահատակութեան տարելիցին առիթով Հըզպալլայի կազմակերպած սկաուտական հաւաքին` նշելով. «Անոր աւելի քան 74 հազար սկաուտներ մասնակցեցան, ինչ որ աշխարհի պատմութեան մէջ սկաուտական մեծագոյն հաւաքն էր»:

«Այդ պատկերը յստակ պատգամ մըն է անոնց, որոնք իրենց գրաւը կը դնեն Դիմադրութեան յոգնածութեան, պարտութեան կամ տապալման վրայ», նշեց ան` աւելցնելով, որ սկաուտական այդ հաւաքը «կը հաստատէ, որ այս երթը վերջ չունի, այլ կ՛արմատանայ իրերայաջորդ սերունդներու հոգիին ու գիտակցութեան մէջ»:

«Այս պատկերը ամէնէն յստակ ապացոյցն է, թէ Դիմադրութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, անոր համակիր զանգուածը լաւ վիճակի մէջ է, եւ ան թշնամիին պատկերացուցածէն աւելի հզօր է», ընդգծեց Իզզէտտին:

 

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Յաջորդը

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Ֆոնտի Ներկայացուցիչը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Ֆոնտի Ներկայացուցիչը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?