Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

October 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ 13 հոկտեմբեր 1990-ի իրադարձութիւններու նահատակներու յիշատակի ոգեկոչում: Յընթացս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նախագահութեամբ Էլիաս Նասսար եպիսկոպոսին, որ կը ներկայացնէր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը: Ներկայ էին նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ մեծ թիւով քաղաքական ու կուսակցական գործիչներ, որոնց կարգին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք խօսք առաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլ, որ ըսաւ, թէ «13 հոկտեմբերը սկիզբն էր եւ ոչ թէ վերջը: Այդ օրէն ծնաւ Ազգային ազատ հոսանքը, որ հիմնական կայարան դարձաւ հայրենիքը վերագտնելու երթին մէջ»:

Ապա Պասիլ աւելցուց. «Մենք հաւատարիմ կ՛ըլլանք նահատակներուն, եթէ չլքենք այն Լիբանանը, զոր իրենք ուզեցին տեսնել… Ինչպէս որ մենք լիբանանեան դիմադրութեան զաւակներն ենք, նաեւ զաւակներն ենք լիբանանեան խաղաղութեան, բայց չկայ խաղաղութիւն առանց իրաւունքներու եւ արդարութեան»:

Պասիլ յայտնեց, որ սուրիական ներկայութենէն Լիբանանի ազատագրումը բաժին մըն էր Լիբանանեան բանակի նահատակներուն նկատմամբ հաւատարմութենէն` նկատել տալով միաժամանակ, որ «ամէնէն կարեւորը այն է, որ 13 հոկտեմբերի նահատակները հիմնասիւներն էին Լիբանանի ազատագրութեան դատին եւ Ազգային ազատ հոսանքի հիմնադրութեան, հոսանք մը, որ ծնունդ առաւ շնորհիւ իր դատին նկատմամբ հաւատքին: Ան ծնունդ չառաւ իշխանութենէ, ո՛չ ալ անոր նպատակը իշխանութեան հասնիլն էր»:

Նախորդը

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Յաջորդը

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.