Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Քանտիս Արտիել յայտնեց. «Աշխարհի տարածքին խաղաղապահ ուժերը 25 առ հարիւրով կրճատելու ՄԱԿ-ի որոշումը հարաւային Լիբանանի մէջ գործող առաքելութիւնը կը դնէ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ»:
«Յառաջիկայ փուլին դժուար որոշումներ պիտի տրուին` նկատի ունենալով հակառակ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ մասնակից պետութիւններուն հետ կարելի եղածին չափ վնասները նուազեցնելու ջանքերուն, առաքելութեան իր լիազօրութիւնը ամբողջական կերպով գործադրելու դժուարութիւնը», նշեց ան:
Արտիել յայտնեց. «Լիբանանեան հողերուն դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները կը խոչընդոտեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը, եւ կը սահմանափակեն լիբանանեան բանակին հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջական կերպով տեղակայուելու կարողութիւնը»:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը տակաւին կանգուն ու ամուր է առօրեայ պարեկութեան եւ միացեալ ծրագիրներու ճամբով» աւելցուց ան:
«Անցեալ ամիս տեղի ունեցան շարք մը խախտումներ, որոնք ներառեցին անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ուժերը թիրախաւորող դէպքեր: Առաքելութիւնը կը շարունակէ հաստատել, որ իր ներկայութեան եւ գետնի վրայ աշխատանքի շարունակումը կը նպաստէ լարուածութեան մեղմացման ու մագլցումի արգիլման, հակառակ կարգ մը կողմերու հարաւային Լիբանանի մէջ հանրային կարծիքը անոր դէմ լարելու փորձերուն», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը:
«Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ուժերը տակաւին մանրակրկիտ կերպով կը սերտեն, թէ այս որոշումը հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններուն համար ի՛նչ կը նշանակէ, թէեւ գիտենք, թէ պիտի գտնուինք չափազանց դժուար որոշումներու առջեւ:
«Մենք ներկայիս մեր ծրագիրի մշակման վերջին փուլերուն մէջ ենք եւ կը գիտակցինք, թէ այս կրճատումը ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ մեր առաքելութեան ամբողջական կերպով գործադրման վրայ:
«Սերտ կերպով կ՛աշխատինք լիբանանեան պետութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող պետութիւններուն հետ` մեր գործողութիւններուն վրայ նուազագոյն չափով ազդեցութեամբ գործադրելու համար անհրաժեշտ նուազումները, եւ մեր կարելին պիտի ընենք երաշխաւորելու համար մեզի վստահուած հիմնական առաքելութեան գործադրութեան շարունակութիւնը», շեշտեց ան: