Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի արտաքին գործոց նախարարին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումներուն դէմ բողոք ներկայացնելու ցուցմունքը ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է, թէկուզ ուշացած»:
Մուսաուի նշեց. «Մենք անհամբեր կը սպասենք լիբանանեան դիւանագիտութեան յաւելեալ աշխուժացման եւ այդ ուղղութեամբ կառավարական քայլերուն»: