Դաշնակցային դրութեան տեւական համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, «Նոր պահպանողականներ-Լիբանան» հարթակի համակարգող Ալֆրետ Ռիաշի նշեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները կ՛ընթանան ներկայութեամբ ՄԱԿ-էն ներկայացուցիչներուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հովանաւորութեամբ եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի համաձայնութեամբ»:
«Հըզպալլան կրնայ հետագային այս նիստերուն միանալ», աւելցուց Ռիաշի:
Ան յիշեցուց հինգ տարի առաջ լրագրող Մարիօ Ապպուտի հետ հարցազրոյցի ընթացքին իր այն յայտարարութիւնը, թէ «Ժնահի շրջանին մէջ իսրայէլեան դեսպանատան մը բացումը մի՛ բացառէք»:
Ռիաշի յայտնեց, որ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ, «խաղաղութեան ճամբուն» սկիզբն է: