Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քպէյսի. «Ան, Որ Գերիշխանութիւնը Կը Ջատագովէ, Պէտք Է Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունեցածին Նկատմամբ Իսկական Կեցուածք Որդեգրէ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Միայն զօրակցական կեցուածքներ կը խնդրենք եւ ուրիշներուն կոչ չենք ուղղեր զէնք կրելու կամ թշնամիին դէմ ճակատելու, սակայն ան, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ներկայացնէ եւ անոր գերիշխանութիւնը կը ջատագովէ, պէտք է հարաւային Լիբանանի բեմին վրայ ամէն տեղի ունեցողին նկատմամբ իսկական կեցուածք մը որդեգրէ»:

Քպէյսի ցաւ յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ ներքին տարակարծութիւններ կան: Մինչ ոմանք նահատակներուն ու Դիմադրութեան երթին կը հաւատան, ուրիշներ ատոր չեն հաւատար, եւ այս հարցը մեծապէս ազդեց պետութեան կառոյցին ու գոյացութեան վրայ, հաստատութիւններուն, կառավարութեան եւ նախագահական ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ: Իւրաքանչիւրը ինքնագլուխ կը մտածէ եւ իր շահը կը փնտռէ: Լիբանանցի ժողովուրդը դադրած է իսրայէլեան թշնամիին դիմակայման առումով մէկ դատ ունենալէ»:

«Լիբանանին մէջ ան, որ ներքին միասնականութիւն կ՛որոնէ, պատրաստ է թշնամին դիմակայելու եւ իր քաղաքական կեցուածքները կ՛արտայայտէ անոր դէմ իբրեւ մարտահրաւէր:

«Մենք Լիբանանի միասնութիւնը կ՛ուզենք, եւ բոլոր անոնք, որոնք այս միասնութեան ստեղծման համար կ՛աշխատին, հողին ու հայրենիքին համար դիմադրութիւն կատարողներ են:

«Հակառակ Դիմադրութեան զէնքին եւ դիմադրողներուն շուրջ տեսակէտներու եւ տարակարծութիւններու բազմութեան, պէտք է ներքին հարազատութիւնն ու հաղորդակցութիւնը պահպանել:

«Ոմանց հոգը չէ նահատակները եւ անոնց զոհաբերութիւնները: Ոմանք չեն դատապարտեր օդային յարձակումները, որոնք տեղի ունեցան, եւ անոնց վերջինը երէկ Մսայլեհի ճամբուն վրայ եղածն էր, ուր սիոնական թշնամին օդային յարձակում գործեց առեւտրական ու ճարտարագիտական քաղաքային հաստատութիւններու վրայ, որոնք ո՛չ Դիմադրութեան, ո՛չ ալ զինուորական աշխատանքի հետ կապ ունին», նշեց երեսփոխանը:

«Հայրենիքի մէջ մեր գործընկերներէն հաստատութիւններ քանդած եւ քաղաքայիններ սպաննած այդ յարձակումներուն որեւէ դատապարտում կամ բողոք չլսեցինք: Նախարարաց խորհուրդը ժողով չգումարեց եւ կառավարութիւնը միացեալ կեցուածք չորդերգեց, եւ միայն այսօր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացուց, հակառակ նախկին բազմաթիւ բողոքներուն, թէկուզ ձեւական` քաղաքական կեցուածք արտայայտելու համար հարթակներու առջեւ, որոնք լաւապէս գիտենք, թէ Իսրայէլի կ՛աջակցին», նշեց Քպէյսի:

«Պետութիւնը պէտք է իր ներկայութիւնը արտայայտէ` իր ժողովուրդը պաշտպանելով եւ անոր վրայ օդային յարձակումները դատապարտելով, սակայն ներքին տարակարծութիւններն եւ համայնքային ու յարանուանական հռետորաբանութիւնը ոմանց մղեց հետաքրքրուելու ոմանց նահատակուելու, իսկ ուրիշներ բնաւ հոգ չեն ըներ: Տխուր է, որ լիբանանցիները առանց մէկ դատի եւ պատգամի են», ըսաւ երեսփոխանը:

«Հակառակ այս բոլոր վարմունքներուն, մենք կը համբերենք, կառչած կը մնանք ազգային միասնականութեան եւ կոչ կ՛ուղղենք համակեցութեան, ոչ թէ ոեւէ մէկուն համար, այլ որովհետեւ կը հաւատանք Լիբանանի միութեան ու հողերու գերիշխանութեան», յայտնեց ան:

«Այսօր կը տեսնենք, թէ ոմանք կը փորձեն ընտրական օրէնքը փոխել, թէեւ ի զօրու եւ վաւերացուած է, եւ նախկին գործընթացները անոր հիմամբ տեղի ունեցած են:

«Ոմանք կ՛ուզեն լիբանանեան հասարակական կարծիքը սիրաշահիլ` ըսելով, թէ կ՛ուզեն որ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացուած ըլլայ եւ քուէարկող: Մենք արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան դէմ չենք, այլ ի զօրու եղող օրէնքի ծիրին մէջ անոնց իրաւունքի կիրարկման», նշեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամը:

«Ոմանց նպատակը լիբանանեան իրողութիւնը փոխել եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին տիրելն է` կատարելու համար քաղաքական դերակատարութիւն մը, որ մեր իրողութեան, մշակոյթին ու Դիմադրութեան համահունչ չէ: Ուստի, յառաջիկայ գործընթացը ինքնին Դիմադրութեան արարք է, եւ պէտք է բոլորս պատրաստ ըլլանք զայն մղելու, որովհետեւ Լիբանանի պատմութեան մէջ շրջադարձային է:

«Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է նահատակներուն արիւնն ու դիմադրողներուն երթը պահպանելու, որպէսզի իրաւունքի երթը շարունակենք ընդդէմ անիրաւութեան, որուն մարմնաւորումը թշնամին է», յայտնեց Քպէյսի:

 

Նախորդը

Եաագուպ. «Ենթակայ Դառնալէն Եւ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումէն Առաջ Վերաշինութիւնը Արգիլուած Է»

Յաջորդը

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?