Նախարար Սըժաան Քազզի Պահանջեց 14 Սեպտեմբերը Պաշտօնական Արձակուրդի Օր Հռչակել
«Որովհետեւ Հարիրիի արիւնը Պաշիր Ժեմայէլի արիւնէն աւելի սուղ չէ», աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի երէկ պահանջեց 14 սեպտեմբերը պաշտօնական արձակուրդի օր հռչակել` ի յիշատակ նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան` միաժամանակ յայտնելով, որ ինք կը յարգէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը: «Ես 14 սեպտեմբերի զաւակ եմ եւ ոչ թէ Մարտ 14-իր, յայտարարեց Քազզի` պահանջելով համահաւասար կերպով մօտենալ լիբանանեան հայրենիքին համար զոհուած նահատակներուն»:




















