Լիբանանեան

Շեհայէպ. «Կողմերուն Հետ Բանակցութեան  Ճամբով Կրցանք Լուծման Յանգիլ»

Շեհայէպ. «Կողմերուն Հետ Բանակցութեան Ճամբով Կրցանք Լուծման Յանգիլ»

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան օգնելու` փողոցներէն աղբերու վերացման համար: Ելեւմուտքի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ իր խորհրդակցութեանց աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով` Շեհայէպ յայտնեց, որ կարելի եղած է լուծման յանգիլ` կողմերուն հետ բանակցութեանց ճամբով:  

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Հարթելու  Խոչընդոտները Եւ Թեթեւցնելու  Քաղաքացիներու Ուսերուն Բեռը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Հարթելու Խոչընդոտները Եւ Թեթեւցնելու Քաղաքացիներու Ուսերուն Բեռը

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ պատրիարքներու պարտէզին մէջ բացումը կատարեց «Մար Մարոնի Ովասիս»-ին` ներկայութեամբ Մարոնիներու լիկայի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի եւ այլ հոգեւոր թէ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններու: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց հարթելու խոչընդոտները եւ թեթեւցնելու քաղաքացիներուն բեռը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ «Իքթիսատ ուա Աամալ» տնտեսական խմբակի նախագահ Ռաուֆ Ապու Զեքիէն ստացաւ հրաւէր մը` 3 եւ 4 նոյեմբերին Աթէնքի մէջ գումարուելիք արաբական-եւրոպական վեհաժողովին մասնակցելու գծով: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ցաւակցական հեռագիր յղեց Համաս շարժումի քաղաքական դիւանի նախագահ Խալետ Մաշաալի` վերջինիս մօր մահուան առիթով:

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ`  Վարչապետ Սալամի Մօր Մահուան Պատճառով

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Այսօր Ամբողջական Կազմով Կը Վերադառնայ Իր Աշխատանքներուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրին պիտի նախագահէ Ազգային երկխօսութեան նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Այն Թինէի մէջ: Նախկին նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայ պիտի գտնուի այդ նիստին` ջրելով կատարուած բոլոր մեկնաբանութիւնները, թէ համախմբումը երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը եւս պոյքոթի պիտի ենթարկէ: Նշենք, որ...

«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանէն.  Աւետիս Կիտանեան Ներկայացուց Աղբի  Տագնապին Գծով ՀՅԴ-ի Կեցուածքները

«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանէն. Աւետիս Կիտանեան Ներկայացուց Աղբի Տագնապին Գծով ՀՅԴ-ի Կեցուածքները

Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Ուսպուհ ֆի սաա» բանավէճային յայտագիրին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, որ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ աղբի տագնապի հարցին ընդհանրապէս եւ այս հարցին առնչութեամբ ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն` յատկապէս: Յայտագիրին լրատուութիւնը կու տանք մեր վաղուան թիւով:

Զօր. Սլէյման Ռայի Պատրիարքին Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական  Իրադարձութիւնները

Զօր. Սլէյման Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Տիմանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք զօր. Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ անկարելի է օրինական ներկայացուցչութեան իբրեւ ջատագով հանդիսանալ, միաժամանակ պոյքոթի ենթարկելով նախագահական ընտրութեան նիստերը: Ան նշեց, որ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը ամբողջ պետութեան նախագահն է եւ Լիբանանի օրինական...

Մեհրապի Մէջ.  Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան  Նահատակներուն  Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Մեհրապի Մէջ. Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նահատակներուն Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ երեկոյեան Մեհրապի մէջ նախագահեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, հովանաւորութեամբ` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական անձնաւորութիւններ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը: Ժահժահ ողջունեց Լիբանանեան ուժերու նահատակները` հաստատելով, որ անոնք են Լիբանանի խիղճը եւ լիբանանեան...

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներու Պայթումի  Ամբաստանութեան Մասին

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթներու Պայթումի Ամբաստանութեան Մասին

Անցեալ շաբաթավերջին Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին գծով դատախազ Ալա Խաթիպ ամբաստանեց Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան անդամ երկու սպաներ` Մոհամետ Ալի Ալի եւ Նասեր Ժուպան, որոնք ծրագրած էին եւ հսկած մզկիթները պայթեցնելու գործողութեան: Այս իմաստով արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի նշեալ ամբաստանութեան վրայ հիմնուելով կառավարութեան յղեց երկու նամակներ` պահանջելով Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը վտարել, ինչպէս նաեւ լուծարքի ենթարկել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:...

Անթալիոյ Մէջ Ընկղմած Նաւուն Մէջ  Լիբանանցիներ  Կը Գտնուէին

Անթալիոյ Մէջ Ընկղմած Նաւուն Մէջ Լիբանանցիներ Կը Գտնուէին

  Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց, թէ Անթալիոյ մէջ շաբաթ գիշեր ընկղմած զբօսաշրջական նաւուն մէջ կը գտնուէին նաեւ լիբանանցիներ: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս դէպքին մանրամասնութիւններուն հետեւած է` կապ պահելով Պոլսոյ մէջ Լիբանանի հիւպատոս Հանի Շմայթլիի հետ: Ըստ Շմայթլիի, նաւուն մէջ կը գտնուէին 8 լիբանանցիներ, որոնցմէ 7-ն փրկուած են, իսկ...

Ռիատ Սալամէ` Աշխարհի Մէջ Կեդրոնական  Դրամատան Երկրորդ Լաւագոյն Կառավարիչը

Ռիատ Սալամէ` Աշխարհի Մէջ Կեդրոնական Դրամատան Երկրորդ Լաւագոյն Կառավարիչը

«Կլոպըլ Ֆայնենս» համաշխարհային թերթին համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` թերթին հրատարակած կեդրոնական դրամատուներու լաւագոյն կառավարիչներու անուանացանկին մէջ: «Կլոպըլ Ֆայնենս» այս հրատարակութիւնը կը կատարէ ստուգելէ ետք երկրին դրամանիշը կայուն պահելու եւ տնտեսական բարգաւաճում արձանագրելու կառավարիչներուն կարողութիւնները: Նշենք, որ լաւագոյն կառավարիչի դիրքը գրաւած է Իսրայէլի կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, իսկ երրորդը` Փարակուէյինը:

«Փտածութեան Եւ Փտածներուն Դէմ  Մեր Պայքարը Նոյնն Է»    Շեշտեց Ուահապ

«Փտածութեան Եւ Փտածներուն Դէմ Մեր Պայքարը Նոյնն Է» Շեշտեց Ուահապ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող փտածութեան եւ փտածներուն դէմ իրենց մղած պայքարը նոյնն է: Ժահիլիէի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հանդիպումի մը ընթացքին Ուահապ մաղթեց, որ երկրին մէջ աղբի տագնապին կարելի ըլլայ լուծում մը ապահովել: Միւս կողմէ, Ուահապ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ընդունելու խորհրդարանի նախագահին առաջարկած փաթեթային համաձայնութիւնը` աւելցնելով, որ եթէ Սէուտական Արաբիոյ...

Հասան Եաագուպ Կոչ Ուղղեց  Փոխելու Իմամ Մուսա Սատըրի  Անհետացման Թղթածրարին Քննիչ Դատախազը

Հասան Եաագուպ Կոչ Ուղղեց Փոխելու Իմամ Մուսա Սատըրի Անհետացման Թղթածրարին Քննիչ Դատախազը

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ շաբաթ երեկոյեան Պըտնայէլի մէջ նախագահեց իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 38-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ այս թղթածրարին իմաստով իր ձերբակալութիւնը մեծագոյն գայթակղութիւնն է: Ան նշեց, որ իր հօր` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի անհետացումէն 38 տարի ետք, ինք ձերբակալուեցաւ Լիբանանի մէջ եւ ոչ թէ Լիպիոյ, ինչ որ գայթակղութիւն մըն է, որ գործուած է...

«Հաարեց». «Հըզպալլայի Զինուորական  Սպառնալիքը Իսրայէլեան Ուժերուն Համար  Իսկական Մարտահրաւէր Է»

«Հաարեց». «Հըզպալլայի Զինուորական Սպառնալիքը Իսրայէլեան Ուժերուն Համար Իսկական Մարտահրաւէր Է»

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն մը յառաջացնելու համար նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թուականը, այսինքն` 2005-ը ձեռնտու էր, նկատի ունենալով Լիբանանէն սուրիական ուժերուն հեռացումն ու տիրող քաոսը: Նոյն աղբիւրները հաստատած են, որ իսրայէլեան զինուորական եւ քաղաքական մարմինները հիւսիսային Իսրայէլի սահմաններուն վրայ իրենց ուժը պէտք է փորձարկեն մնայուն կերպով` իմանալու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերը կը զուգադիպի Ատհայի տօնին առաջին օրուան: ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ Նատիմ Շ. երէկ Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան: Նշենք, որ Նատիմ Շ.-ի դէմ շարք մը բերման գիրեր արձանագրուած են` տարբեր յանցանքներ գործելու պատճառով: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել`...

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբերող  որեւէ Լուծում Պէտք Է Կառավարութեան  Համաձայնութեան Արժանանայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբերող որեւէ Լուծում Պէտք Է Կառավարութեան Համաձայնութեան Արժանանայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Աղբի տագնապը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել լիբանանեան առօրեային վրայ: Այդ մասին լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու եւ պատասխանատուներու կողմէ կը կատարուին յայտարարութիւններ, կ՛արձանագրուին առաջարկներ եւ բողոքներ, որոնք սակայն ոչ մէկ արդիւնքի յանգելու սեմին կը գտնուին: Պուրճ Համուտի աղբի մթերման վայրին մէջ դարձեալ աղբ ընդունելու կարելիութեան եւ հաւանական լուծումներուն մասին երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հարցազրոյցի մը ընթացքին...

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի  Իբրեւ Հանրային Վարչութեան Մէջ  Լիբանանցի Յառաջատար Կին

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի Իբրեւ Հանրային Վարչութեան Մէջ Լիբանանցի Յառաջատար Կին

Մեծն Լիբանանի պետութեան յայտարարութեան 96-ամեակին առիթով` հինգշաբթի, 1 սեպտեմբերին, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային վարչութիւններու լիբանանցի յառաջատար կիներու եւ Լիբանանի մէջ կին դեսպաններու պարգեւատրումը: Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրումի պաշտօնական ձեռնարկը կազմակերպեց Մեծն Լիբանանի պետութեան յայտարարութեան 100-ամեակի ազգային նախաձեռնութիւն - Լիբանանը գիտութեան երկիր` 2020-ի լիբանանցի կիներու ծրագիրը,  հովանաւորութեամբ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` կրթութեան հարցերու...

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթները Պայթեցնելու  Յանցանքով Կ՛ամբաստանուին Սուրիոյ  Գաղտնի Սպասարկութեան Երկու Սպաներ

Թաքուա Եւ Սալամ Մզկիթները Պայթեցնելու Յանցանքով Կ՛ամբաստանուին Սուրիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Երկու Սպաներ

Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումին գծով դատախազ Ալա Խաթիպ երէկ ամբաստանեց Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան անդամ երկու սպաներ` Մոհամետ Ալի Ալին եւ Նասեր Ժուպանը, որոնք ծրագրած էին եւ հսկած մզկիթները պայթեցնելու գործողութեան: Ըստ ամբաստանութեան, այդ պայթումները գործելու առումով Ժապալ Մըհսենէն 5 հոգինոց խմբակ մը իր մեղսակցութիւնը բերած է սուրիացի սպաներուն գործած այդ ոճրային արարքին: Այդ խմբակին մաս կազմած է Եուսեֆ Տիապ,...

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց  Նախագահական  Ընտրութեան Եւ Ընդունեց Ամերիկացի  Պետական Պաշտօնատար Մը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Եւ Ընդունեց Ամերիկացի Պետական Պաշտօնատար Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին քաղաքականութեան պաշտօնակատար Թոմըս Շենընը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային  իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ շրջափակեց Պաալպեքի «Ռայան» հիւանդանոցը` ձերբակալելու համար Ֆայեատ Մոհամետ Զաայթերը: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէն,...

Լքելէ Ետք Խորհրդարանական  Յանձնախումբի Նիստը .  «Կը Մերժենք, Որ Պուրճ Համուտը Կրէ Աղբի Տագնապին  Հետեւանքները. Մեր Պայմանը Կառավարութեան  Համաձայնագիրի Գործադրութիւնն Է Եւ Աղբակոյտի Վերացումը»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Լքելէ Ետք Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը . «Կը Մերժենք, Որ Պուրճ Համուտը Կրէ Աղբի Տագնապին Հետեւանքները. Մեր Պայմանը Կառավարութեան Համաձայնագիրի Գործադրութիւնն Է Եւ Աղբակոյտի Վերացումը» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի: Նիստին ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, յանձնախումբին անդամ երեսփոխանները, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր, Պուրճ...

Page 803 of 986 1 … 802 803 804 … 986

Արխիւներ