Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ համալսարան մուտքի նախապատրաստական փուլի ծրագրաւորման քայլերու ծիրին մէջ որոշեց նոր չափանիշներ որդեգրել միջնակարգի թէ երկրորդականի ուսանողներու հարցաքննութեանց եւ գրաւորներու հարցումներու դասաւորման մէջ:
Նախարար Ապու Սաապ նաեւ որոշեց փոփոխութիւններ մտցնել միջնակարգ թէ երկրորդական վարժարաններու ուսանողներուն մատուցուող դասանիւթերու ծրագիրի ուղեգիծին մէջ` հանելով եւ զեղչելով որոշ նիւթեր, փորձելով առաւելագոյնս դիւրամատչելի եւ համալսարանական կրթական ծրագիրին արդիական ուղեգիծին համընկնող քայլեր որդեգրել:
Այս գծով ան թելադրեց նախարարութեան պատկան բաժանմունքներու կազմերուն անմիջապէս կիրարկել որոշուած քայլերը եւ զանոնք փոխանցել առ որ անկ է: