Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչամեքենայի Եւ Սահմանադրական Կառոյցներու Կազմալուծման Մտավախութիւններուն Լոյսին Տակ. Հայեացքները Սեւեռուած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին

September 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Berri_90616

Այն միջոցին, երբ կը նախատեսուէր, որ նախագահի ընտրութեան նիստը այսօր կէսօրին կիզակէտը դառնար ժողովրդային, քաղաքական թէ պաշտօնական շրջանակներու ուշադրութեան, հայեացքները սեւեռուած են վաղը` հինգշաբթի օր նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստին եւ անոր ճակատագիրին վրայ:

Արդարեւ, երկրի վարչամեքենային եւ սահմանադրական հիմնական կառոյցներուն գրեթէ կազմալոյծ դրութեան լոյսին տակ, նախանցեալ օր Ազգային երկխօսութեան նիստին առկախումը ցնոր տնօրինութիւն լուրջ մտավախութիւններ յառաջացուց քաղաքական տարբեր կողմերու մօտ` շեշտելով կառավարութեան վաղուան նիստին գումարումը, զայն նկատելով պետութեան գոյատեւումը հաստատող եւ վարչամեքենայի թէ սահմանադրական կառոյցներու հիմնական կռուաններէն մէկը:

Արդարեւ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վճռականօրէն մերժեց տեղի տալ եւ իր կարգին յայտարարեց Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն առկախումը ցնոր տնօրինութիւն: Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, այս քայլը մտահոգիչ է, որովհետեւ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ եւ նոյնիսկ «պատերազմի դուռ բանալ»: Առ այդ, խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ ըստ նոյն աղբիւրներուն, Պըրրի ձեւով ու խորքով նոր պայմաններ դրած է Ազգային երխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսման համար:

Նոյն ծիրին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ լուսարձակէ հեռու մագոգային հանդիպումներ կ՛ունենայ պատկան կողմերուն հետ` երկիրը փրկելու համար վարչական եւ սահմանադրական նոր թափուր կառոյց մը աւելցնելու վտանգէն:

Այս իմաստով «Ժատիտ» կայանը երէկ հաղորդեց, որ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտարարած է, թէ ութ նախարարներ ընդվզած ու իրենց հրաժարականները պատրաստած են (որոնց կարգին նաեւ ինք) եւ տրամադիր են ներկայացնելու զանոնք:

Միւս կողմէ, սակայն, Ազգային երկխօսութեան նիստերու առկախման գլխաւոր «դերակատար» նախարար Ժպրան Պասիլ իր եւ իր ներկայացուցած հոսանքին կեցուածքը հիմնաւորեց Ազգային ուխտի ճշգրիտ կիրարկման բացակայութեան պատճառով: Ըստ Պասիլի, քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ մեծապէս իրաւազրկուած եւ անտեսուած կը զգան իրենք զիրենք` հարց տալով, թէ եթէ Ազգային ուխտի բաղադրիչ միաւորներէն այլ համայնք մը սիւննի, շիի կամ տիւրզի, բացակայէր Ազգային երկխօսութեան նիստերէն, արդեօ՞ք օրինական կամ բնական ու հեզասահ պիտի ընթանար այդ նիստը:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աուն «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Լռող մեծամասնութիւնները պատճառ կ՛ըլլան պատերազմներու»:

Նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին տուած իր այցելութեան աւարտին Այն Թինէի մէջ պատկան կողմերը զգուշացուց «երկիրը ինքնասպանութեան մղելէ` կոչ ուղղելով երկխօսութեամբ եւ իրար հասկացողութեամբ մօտենալու հարցերու լուծման: «Այլապէս պատմութիւնը պիտի անիծէ մեզ», շեշտեց Ժեմայէլ:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին կաթողիկէ վարժարաններու 23-րդ համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց անդրադարձաւ այս հարցին` միաժամանակ պետութիւնն ու ընկերութիւնը պատասխանատու նկատելով երկրի այժմու կացութեան:

«Տրամաբանական ոչ մէկ բացատրութիւն» կարելի է տալ», գրած է իր կարգին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ` զգուշացնելով, որ «գալիքը աւելի ահաւոր է»:

Պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ իր կարգին քննադատեց իրադրութեան այս վիճակին յանգումը, միաժամանակ հաստատելով, որ Հըզպալլայի ներկայացուցիչները ներկայ պիտի ըլլան կառավարութեան նիստին:

 

 

Նախորդը

Աղբերու Տագնապին Գծով Պատկերասփռուած Ելոյթով Կիտանեան Պարզեց ՀՅ Դաշնակցութեան Տեսակէտը

Յաջորդը

Տինքը Սպաննողին Օգնած Են Թրքական Բանակի Սպաներ

RelatedPosts

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու
Լիբանանեան

Ճաշարաններու Սենտիքան Կոչ Կ՛Ուղղէ` Այսուհետեւ Փոխան «Թրքական Սուրճ»-ի «Լիբանանեան Սուրճ» Անունը Օգտագործելու

February 12, 2026
Շէյխ Քապալան. «Այն, Ինչ Որ Քուլիսներու Մէջ  Տեղի Կ՛ունենայ, Վտանգաւոր Է  Եւ Ազգային Շահին Չի Ծառայեր»
Լիբանանեան

Քապալան. «Դիմադրութեան Վերջին Պատերազմին Մատուցածը Առասպելական Տոկունութեան Հսկայական Բնորդ Մըն Է»

February 12, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.