Ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Թոմաս Շանոն երէկ մեկնեցաւ Լիբանանէն` աւարտելէ ետք երկօրեայ իր այցելութիւնը:
Այս առիթով Շանոն տեսակցեցաւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ինչպէս` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Ռիատ Սալամէի, Լիբանանի ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի եւ քաղաքապետական թէ այլ մարզերու ներկայացուցիչներու հետ: