Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ անհրաժեշտ նկատեց Պուրճ Համուտի աղբակոյտի հարցը լուծել Սայտայի եւ «Սոլիտեր»-ի օրինակով: Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի եւ ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի հետ երէկ իր ունեցած խորհրդակցութեանց աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ, Ապու Սաապ ապակեդրոնացումը հիմնական նկատեց աղբերու տեսակաւորման գծով` նշելով, որ Մեթն եւ Քեսրուան պատրաստ են սկսելու տեսակաւորման քայլերուն: Ապու Սաապ շեշտեց, որ ամէնքը կ՛ուզեն լուծում գտնել այս տագնապին, «աղբերը փողոցներուն մէջ են եւ քաղաքացիք անկարող են հանդուրժելու տարակարծութիւնները»: