Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ԻՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Մաթիաս Շիմալին` ընկերակցութեամբ օրէնսդրական խորհրդատու եւ արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Մէյրի Շպլիի:
Այս առիթով խօսակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի մէջ ԻՒՆԵՐՈՒԱ-ի գործունէութեան վրայ: