
Սեփական մարզի վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ յայտարարեց, թէ այսօր` չորեքշաբթի յետմիջօրէին, համապարփակ ժողով մը պիտի գումարուի «Փատովա» պանդոկին մէջ, մասնակցութեամբ` պետական եւ սեփական մարզերու ուսուցիչներու սենտիքաներու, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի եւ այլ պատկան կողմերու ներկայացուցիչներուն` քննարկելու համար իրենց որդեգրելիք յառաջիկայ քայլերը, իրաւունքներու հատուցման պահանջով:
«Ուսուցիչները նախանձախնդիր են կրթական տարեշրջանը սկսելու բնական ձեւով, եւ կը խոստանանք դասադուլէ թէ մագլցողական քայլերէ խուսափիլ, այլ` նստացոյցերով եւ խաղաղ միջոցներով պիտի ջանանք հետապնդել մեր արդար իրաւունքները», յայտարարեց Մահֆուզ: Ան աւելցուց, որ այսօր երեկոյեան տեղի ունենալիք նիստին պիտի որոշուի 25 սեպտեմբերէն սկսեալ որդեգրուելիք քայլերուն ծրագիրը: