
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր գրասենեակին մէջ անջատաբար ընդունեց զանազան անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` արձանագրուած նորագոյն իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:
Այս ծիրին մէջ Սալամ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին եւ ապա փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին բանակի զինման առնչուող հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի զինական կազմածներու եւ սարքերու գնման համար անհրաժեշտ նիւթական յատկացումներու ճակատագիրին:
Վարչապետ Սալամ երէկ նաեւ անջատաբար ընդունեց Բրիտանիոյ դեսպանը, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի դատախազը:
Նախքան այդ, Սալամ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախարարներ Պութրոս Հարպի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Նուհատ Մաշնուքի եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի հետ: