
Երէկ Սայտայի մօտ Ապրայի դէպքերուն գծով գլխաւոր յանցագործ նկատուող շէյխ Ահմետ Ասիրի դատավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ 18 հոկտեմբերին:
Մինչ այդ, Ապրայի բախումներուն նահատակուած զինուորներու ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները կարճ ատենով փակեցին Թանգարան-Պարպիր մայրուղին` նստացոյց կատարելով Զինուորական ատեանի մուտքին` իբրեւ բողոք Ասիրի դատավարութեան ձգձգումին: Անոնք սպառնացին սաստկացնել իրենց կեցուածքը:


