Ատհայի Տօնին Համար Երրորդ Օրուան Արձակուրդի Առաջարկին Գծով. Ապու Սաապ. «Ազգային Տօները Կառավարութիւնը Կը Վճռէ»
«Կրթական արձակուրդներու գծով կրթութեան նախարարը կը հրապարակէ արձակուրդի օրուան որոշումը, սակայն ազգային տօները կառավարութիւնը կը վճռէ», յայտարարեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ` Ատհայի տօնի արձակուրդը երրորդ օրով երկարաձգելու առաջարկին գծով: Ան աւելցուց, թէ այս գծով նշեալ առաջարկը փոխանցած է կառավարութեան պատկան կողմերուն, որոնք սակայն թելադրած են համբերել:




















