Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ անջատաբար ընդունեց Կիպրոսի եւ Ռուսիոյ դեսպանները: Դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթիի եւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին բանակի զինական կազմածներու գնման կարելիութիւնները` օգտուելով Սէուտական Արաբիոյ մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութենէն: