Բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ իսրայէլեան պատերազմական նաւակ մը երէկ երեկոյեան ժամը 6:25-ին երեք վայրկեան տեւողութեամբ 260 մեթր թափանցած է լիբանանեան ծովափի միջազգային ջուրերու սահմաններուն մէջ` հարաւային Լիբանանի Ռաս Նաքուրայի բացերը:
Հաղորդագրութիւնը աւելուց, որ պատկան մարմիններ թափանցումի այս քայլին մօտէն կը հետեւին` գործակցաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն: