Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի  նախանցեալ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն ընկերակցեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Նատեր Հարիրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին մասին կատարուած խորհրդակցութիւնները: Հարիրի եւ Ժահժահ համաձայնեցան ամէնէն արագ միջոցին վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որ կը փարատէ...

Փէյթըլ Կը Խոստանայ Բրիտանիոյ  Յանձնառութիւնը` Ուսման Մարզին Կատարուելիք  Օժանդակութիւնները Աւելցնելու Իմաստով

Փէյթըլ Կը Խոստանայ Բրիտանիոյ Յանձնառութիւնը` Ուսման Մարզին Կատարուելիք Օժանդակութիւնները Աւելցնելու Իմաստով

Բրիտանիոյ միջազգային բարգաւաճման հարցերու պետական նախարար Փրիթի Փէյթըլ շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Պեքաայի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայանները: Փէյթըլի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը մաղթէ Բրիտանիոյ օժանդակութիւնը` սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը լուծելու իմաստով: Ան գնահատեց Լիբանանի եւ...

Պըրրի Ենթարկուեցաւ Վիրահատումի

Պըրրի Ենթարկուեցաւ Վիրահատումի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ենթարկուեցաւ լեղուցի վիրահատումի մը, որ ըստ բժիշկներուն, յաջողութեամբ ընթացած է, եւ Պըրրի առողջական կայուն վիճակի մէջ է: Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ` անոր մաղթելով բարի ապաքինում: Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի այցելեց Պըրրիին` անոր մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Միւս կողմէ, նախքան վիրահատումը իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ...

«Իրան Այցելութեանս Նպատակն Է Երկկողմանի  Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Բարելաւել»   Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Իրան Այցելութեանս Նպատակն Է Երկկողմանի Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Բարելաւել» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իրան` ընդառաջելով Իրանի հանրապետութեան նախագահի զբօսաշրջութեան հարցերու օգնական Զահրա Ահմատիի հրաւէրին: Նախքան իր մեկնումը, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իրանեան կողմը ընդգծած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջական յարաբերութիւնները բարելաւելու իր փափաքը: Միւս կողմէ, իրանեան «ԻՐՆԱ» պետական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Կիտանեան յայտնեց, որ ինք նախորդող օրերուն Պէյրութի մէջ հանդիպում...

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Կատարելու 1960-ի Ընտրական  Օրէնքով Կամ Այդ Օրէնքին  Բարեփոխուած Տարբերակով

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու 1960-ի Ընտրական Օրէնքով Կամ Այդ Օրէնքին Բարեփոխուած Տարբերակով

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, դարձեալ կուսակցութեան նախագահը վերընտրուելէ ետք, երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ վիրաւորական այն յօդուածներուն, որոնք կը յուշեն, թէ Լիբանանը բաղկացնող որոշ շերտեր վտանգուած են: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պատմութիւնը հիմնուած է բազմազանութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համագործակցութեան վրայ` աւելցնելով,...

Ֆրենժիէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող  Հարցեր Քննարկեց Փաղանգաւոր  Կուսակցութեան Պատուիրակութեան Հետ

Ֆրենժիէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութեան Հետ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահի խորհրդատու Միշել Խուրիի եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս ընտրական օրէնքը: Հանդիպումէն ետք Խուրի նշեց, որ Ֆրենժիէի հետ քննարկած է 1960-ի ընտրական օրէնքը տապալելու միջոցները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ բոլոր համայնքներուն ներկայացուցչութիւնը ճշգրիտ դարձնող օրէնքի մը...

Սապհան Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Պէյրութ

Սապհան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Պէյրութ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերով պատասխանատու Թամեր Սապհան երէկ կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Սապհանը դիմաւորեցին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, դեսպանատան անձնակազմի պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի պետ գնդապետ Ժորժ Տումեթ:

Ժահժահ Աուտէ Եպիսկոպոսին Հետ Քննարկեց  Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր

Ժահժահ Աուտէ Եպիսկոպոսին Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ համակարծիք եղած է այն գաղափարին շուրջ, որ անհրաժեշտ է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:

Խուրի. «Սուրիա Պատրաստ Է Սուրիացի  Գաղթականները Պատսպարելու Համար  Յատուկ Վայրեր Տրամադրելու»

Խուրի. «Սուրիա Պատրաստ Է Սուրիացի Գաղթականները Պատսպարելու Համար Յատուկ Վայրեր Տրամադրելու»

Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան մտայնութեան եւ ծրագիրներուն մէջ սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու գաղափարը առկայ է` շեշտելով միաժամանակ, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը կը կարօտի լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան: Խուրի սուրիական իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցելու լիբանանեան կողմին հետ` աւելցնելով, որ Սուրիա պատրաստ է սուրիացի գաղթականները պատսպարելու համար յատուկ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ մշակել ընտրական նոր օրէնք մը: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը վերածուած է անշնչացած մարմնի մը, որուն կարելի չէ ոգի եւ շունչ ներարկել: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ որեւէ ձեւով գործակցիլ սուրիական վարչակարգին հետ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Սամիր Ժահժահի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սամիր Ժահժահի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ յետմիջօրէին այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Մեհրապ այցելած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշքարեան: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս եւ Էտի Ապի Լամաա: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Ժահժահին կատարուած այցելութիւնը...

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Լիբանանցի Խմբագիրները

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանցի Խմբագիրները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանցի խմբագիրները, որոնց շարքին նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող ընտրական օրէնքի տագնապը կը կայանայ անոր մէջ, որ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ կը փափաքի իր համայնքին մէջ գտնուող փոքրամասնութիւնը ոտնակոխ դարձնել` մերժելով անոր ներկայացուցչութիւնը: «Տակաւի՛ն, իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ կը փափաքի...

Կրանտիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Դիւրացնէ  Գաղթականներուն Վերադարձը  Սուրիոյ Ապահով Շրջաններ»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

Կրանտիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Դիւրացնէ Գաղթականներուն Վերադարձը Սուրիոյ Ապահով Շրջաններ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը չի կրնար յաւիտեան տեւել, բայց եւ այնպէս Լիբանան ոչ մէկ կերպով պիտի ստիպէ սուրիացիներուն վերադառնալ իրենց երկիրը, երբ հոն կը տիրէ ապահովական անկայուն իրավիճակ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ...

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ «Արմինիա»  Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ  Ուղիղ Թռիչքներու Հաստատումը

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ «Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ Ուղիղ Թռիչքներու Հաստատումը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ armeniasputnik.am կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ողջունեց «Արմինիա» օդանաւային ընկերութեան 1 փետրուարին վաճառքի հանուած Երեւան-Պէյրութ ուղիղ թռիչքներու տոմսերու դրութիւնը, որոնք իբրեւ նորութիւն ուրախացուցած են պէյրութահայերը: «Արմինիա» օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ կանոնաւոր թռիչքները պիտի սկսին 3 ապրիլին: Թռիչքը Երեւանէն պիտի իրականացուի շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ: Ժամանակացոյցին վերաբերեալ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է «Զուարթնոց» օդակայանին հետ: «Կրնամ հպարտութեամբ...

Պասիլ Հանդիպում Ունեցաւ Հարաւային  Ափրիկէի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Պասիլ Հանդիպում Ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Հարաւային Ափրիկէի Փրեթորիա քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր հարաւափրիկեցի պաշտօնակիցին` Նաքուանա Մաշապանէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շեշտեց լիբանանեան գաղութին ունեցած կարեւոր եւ դրական դերակատարութիւնը Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ` շեշտելով, որ հակառակ տեղւոյն բնակիչներուն եւ ընկերութիւններուն ընտելանալու իրենց կարողութեան, լիբանանցիները կրցած են նաեւ պահպանել իրենց իւրայատկութիւնը: Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Մըլհեմ Ռիաշի «Նուր Արապ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի աշխատանքներուն մեկնարկին նուիրուած պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ներդրում ունեցած է արաբական զարթօնքին մէջ, ինչպէս որ արաբները ներդրում ունեցած են ազգերու զարթօնքին մէջ: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոն եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ռիքարտօ Փարտոն: Հանդիպումին...

Բոլորը Կը Մերժեն Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը,  Սակայն Ընտրական Օրէնքը Տակաւին  Կը Մնայ Անորոշ

Բոլորը Կը Մերժեն Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը, Սակայն Ընտրական Օրէնքը Տակաւին Կը Մնայ Անորոշ

Սահմանադրական առումով արդէն մուտք գործած ենք ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու ամիսը, սակայն տակաւին ընտրական ոչ մէկ օրէնք վաւերացուած է իբրեւ վերջնական տարբերակ, որուն հիման վրայ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւնները: Վերջին օրերուն քաղաքական քաշկռտուքի նիւթի վերածուած ընտրական օրէնքներուն հարցը երկրին իշխանութիւնները վերածած է խառնարանի մը, ինչպէս կ՛երեւի քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւող եւ զանոնք մեկնաբանել փորձող քաղաքացիներուն: Սակայն խորքին մէջ ատիկա կրնանք...

Հարիրի. «Պաղեստինցի Գաղթականներուն  Տունդարձը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Իրագործուի»

Հարիրի. «Պաղեստինցի Գաղթականներուն Տունդարձը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Իրագործուի»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ բացումը կատարեց «Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն եւ խմբաւորումներուն ու պաղեստինցի գաղթականներուն ընդհանուր հաշուարկ»-ը սկսելու ծրագիրին, որ կազմակերպուած էր Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ: Ներկայ էին մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ  պաղեստինցի պատասխանատուներ: Իր խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ...

Նախարար Կիտանեան Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց  Իրան Կատարելիք Իր Պաշտօնական  Այցելութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Նախարար Կիտանեան Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց Իրան Կատարելիք Իր Պաշտօնական Այցելութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ կիրակի օր Իրան կատարելիք իր երկօրեայ այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ա. Կիտանեան Թեհրանի մէջ ներկայ պիտի գտնուի տեղի ունենալիք զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին` ընդառաջելով Իրանի փոխնախագահին, որ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարն է: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջական մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով: Նախարար Կիտանեան հետեւեցաւ...

Ֆրենժիէ Ընտրական  Օրէնքին Վերաբերող  Հարցեր Քննարկեց Ժողովրդավարական  Հանդիպում Պլոքին Հետ

Ֆրենժիէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին Հետ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Հանրի Հըլու, Աքրամ Շեհայէպ եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Քամալ Մուաուատ եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, ինչպէս նաեւ Թոնի Ֆրենժիէ: Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական...

Page 761 of 986 1 … 760 761 762 … 986

Արխիւներ