Լիբանանեան

Նախարարաց Խորհուրդի Եւ Սահմանադրական  Կեանքի Վերաշխուժացման Առընթեր.  Լիբանան Կը Վերամրագրէ  Իր Ներկայութիւնը Շրջանին Մէջ

Նախարարաց Խորհուրդի Եւ Սահմանադրական Կեանքի Վերաշխուժացման Առընթեր. Լիբանան Կը Վերամրագրէ Իր Ներկայութիւնը Շրջանին Մէջ

31 հոկտեմբեր 2016-ի նախագահական ընտրութենէն ետք Լիբանան օրըստօրէ իր վրայէն կը թօթափէ աւելի քան երկամեայ քաղաքական ու սահմանադրական տեղքայլի հետեւանքները: Արդարեւ, երկրի հրատապ առանցքային հարցերը հետզհետէ կը վերագտնեն լուծման բնականոն ուղին, հակառակ կողմերուն միջեւ տիրող անխուսափելի, «աւանդական» տարակարծութիւններուն` ընտրական օրէնքի, Թաէֆի համաձայնագիրի թէ այլ քաղաքական, սահմանադրական եւ տնտեսական հարցերու գծով: Փաստօրէն երկրի քաղաքական կողմերը վճռած են ամէն գնով հարցերը լուծել...

Ընտրական Նոր Օրէնքը` Նախքան  Փետրուարի Վերջը.  Նախարար Մաշնուք Ընդունեց Լասընի  Գլխաւորութեամբ Եւրոպական Պատուիրակութիւն Մը

Ընտրական Նոր Օրէնքը` Նախքան Փետրուարի Վերջը. Նախարար Մաշնուք Ընդունեց Լասընի Գլխաւորութեամբ Եւրոպական Պատուիրակութիւն Մը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք  հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի վճռուի նախքան ընթացիկ 21 փետրուարի ժամկէտը: Նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերագրելով իր հաստատումը` նախարար Մաշնուք ընդգծեց, թէ Լիբանան այլընտրանք չունի, բացի ընտրական նոր օրէնքի մշակումէն: Եւրոպական 19 երկիրներու ներկայացուցիչներէ եւ դեսպաններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ընդունելով` նախարար Մաշնուք վերահաստատեց Լիբանանի սահմանադրական կեանքի վերաշխուժացման գործընթացի...

Լիբանանեան-Ֆրանսական  Գործակցութեան Ծիրին Մէջ.  Նախարար Թուրեն Կ՛այցելէ Պէյրութ

Լիբանանեան-Ֆրանսական Գործակցութեան Ծիրին Մէջ. Նախարար Թուրեն Կ՛այցելէ Պէյրութ

Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործակցութեան ծիրին մէջ,  Ֆրանսայի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Մարիսոլ Թուրեն այսօր կ՛այցելէ Պէյրութ: Երկօրեայ իր այցելութեան ընթացքին ֆրանսացի նախարարը պիտի այցելէ լիբանանեան առողջապահական կարգ մը կեդրոններ, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրներ պիտի կնքէ Լիբանանի իր պաշտօնակիցին` փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի հետ:

«Եթէ Լիբանանցիները Բաւարար Դիմադրողականութիւն  Ունենան, Կրնանք Շրջանցել Վտանգները Եւ Յաղթել Անոնց»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Իպրահիմ. «Մեր Տեղեկութիւնները Գաղտնի Կը Պահենք` Ահաբեկչական Քայլերու Կանխարգիլման Միտումով»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ վերահաստատեց երկրի ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդման վերաբերեալ ապահովական կառոյցներու նախանձախնդրութիւնն ու ժրաջան գործունէութիւնը: Լիբանանեան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ Իպրահիմ ընդգծեց, որ «ապահովական կառոյցները որոշ ատենէ ի վեր տեղեակ էին երկրի անդորրութիւնը խախտելու միտող ահաբեկչական դաւադիր քայլերէն եւ մօտէն կը հետեւէին անոնց շարժումներուն: «Մեր տեղեկութիւնները գաղտնի կը...

Խորհրդարանը Հինգ Հարցերու Մասին  Հարցապնդեց Կառավարութիւնը

Խորհրդարանը Հինգ Հարցերու Մասին Հարցապնդեց Կառավարութիւնը

Խորհրդարանը երէկ գումարեց կառավարութեան հարցապնդումի նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի, նկատի ունենալով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը գտնուի վիրահատումէ ապաքինելու փուլին մէջ: Նիստին ընթացքին հարցումները կեդրոնացան աղբի տագնապին, ապօրինի համացանցին, բանակի գաղտնի սպասարկութեան հաղորդակցութեան թղթածրարին, Քլէյաաթի օդակայանին եւ փտածութեան հարցերուն վրայ: Վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց, որ Քլէյաաթի օդակայանը բանեցնելու կարելիութիւնը կրնայ դրական ըլլալ` աւելցնելով սակայն, որ ատիկա կարելի...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ  Կառավարութեան Գումարելիք Նիստին

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Գումարելիք Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի վաւերացնել պետական ամավարկը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներն ու տարբեր միութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան մը ներկայութեան հաստատեց, որ երկրին մէջ հարցը օրէնքի չգոյութեան մէջ չի կայանար, այլ` օրինազանցութեան: Նախագահ Աուն ընդգծեց ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին կարեւորութիւնը:...

«Լիբանան Պատրաստ Է Չէզոքացնելու  Բոլոր Արգելքները, Որոնք Կը Խոչընդոտեն  Իրանցի Զբօսաշրջիկներուն Լիբանան Վերադարձը»   Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Լիբանան Պատրաստ Է Չէզոքացնելու Բոլոր Արգելքները, Որոնք Կը Խոչընդոտեն Իրանցի Զբօսաշրջիկներուն Լիբանան Վերադարձը» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Իրան կատարած իր աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ իրանեան զբօսաշրջութեան Ժ. ցուցահանդէսի բացման արարողութեան` ներկայութեամբ Իրանի փոխնախագահ եւ Զբօսաշրջութեան ու մշակութային աւանդներու կազմակերպութեան նախագահ Զահրա Ահմետի Պուրի, Հարաւային Ափրիկէի զբօսաշրջութեան նախարար Տերիք Հոնիքոմի, Իրանի մշակոյթի նախարար Սալիհի Ամիրիի, Իրանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմին, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական եւ ճամբորդական գրասենեակներու ու պանդոկներու ներկայացուցիչներուն: Ցուցահանդէսին...

Ամենտոլա Լիբանանցի Նախարարներու Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Ամենտոլա Լիբանանցի Նախարարներու Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Իտալիոյ արտաքին գործոց եւ միջազգային գործակցութեան փոխնախարար Վինչենզօ Ամենտոլա երէկ լիբանանցի նախարարներու հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի, Ամենտոլա այցելեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Խալիլ գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին գործունէութիւնն ու խաղաղապահ առաքելութիւնը: Հանդիպումէն ետք Խալիլ...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Քննարկած Են  Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը  Եւ Կառավարութեան Աշխատանքները

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Սահմանադրական Ժամկէտի Շրջագիծին Մէջ Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Վաւերացումը

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 40-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի...

Արսալի Մէջ Սպաննուած Է  ՏԱՀԵՇ-ի «Իշխան» Մը

Արսալի Մէջ Սպաննուած Է ՏԱՀԵՇ-ի «Իշխան» Մը

Երէկ առաւօտեան հաղորդուեցաւ, որ Արսալի մէջ ականի մը պայթումին պատճառով սպաննուած է ՏԱՀԵՇ-ի «իշխան» Ահմետ Ուահիտ Ապըտ: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ յետմիջօրէին բուռն ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը: Ուշ գիշերին բանակը Արսալի անցարգելին մօտ ձերբակալեց Մամտուհ Ֆլիթին` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ գործակցելու յանցանքով:

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ  Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու  Ճշդուած Թուականին Եւ Համաձայն  Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Ճշդուած Թուականին Եւ Համաձայն Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը

Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը նկատել տուաւ, որ շրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները` քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական առումով, կ՛ենթադրեն, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները զգուշանան անոնց վտանգաւոր հետեւանքներէն: Մուսթաքպալ հոսանքը կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու իմաստուն կեցուածքներուն եւ հարցերը լուծելու երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական...

Ֆրենժիէ Քաակի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Քաակի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:  

Պէյրութի Մէջ.  «Սէուտցիներուն Լիբանան Գալուստը Արգիլող  Խոչընդոտները Յօդս Ցնդած Են»  Շեշտեց Սապհան

Պէյրութի Մէջ. «Սէուտցիներուն Լիբանան Գալուստը Արգիլող Խոչընդոտները Յօդս Ցնդած Են» Շեշտեց Սապհան

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերով պատասխանատու Թամեր Սապհան երէկ շեշտեց, որ սէուտցիներուն Լիբանան գալուստը արգիլող խոչընդոտները յօդս ցնդած են: Սապհան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպանը արդէն իսկ նշանակուած է` աւելցնելով, որ անոր ինքնութիւնը պիտի յայտարարուի մօտիկ ապագային` Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական շրջանակներուն կողմէ: Միւս կողմէ, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ շրջելու պահուն, Սապհան հանդիպում մը ունեցաւ...

Շամուն Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող  Հարցերը Քննարկեց Ժողովրդավարական  Հանդիպում Պլոքին Հետ

Շամուն Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցերը Քննարկեց Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին Հետ

Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Շամուն յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը աղբամանին մէջ նետուած է: «Կ՛ամ բոլորս սահմանադրութեան հիման վրայ կ՛ապրինք, կա՛մ ալ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն պետութեան մէջ, իր փափաքած ձեւով կ՛ապրի», ըսաւ Շամուն: Ան ընդգծեց երկրին սահմանադրութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը` մերժելով ընտրական օրէնքի բոլոր...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու խորհրդակցութիւնները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Էլիաս Հանքաշ եւ Սերժ Տաղեր, ինչպէս նաեւ  կուսակցութեան Մեթնի պատասխանատու Միշել Հըրաուի: Հանդիպումին ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ բարեկամ Սամի Ժեմայէլի այցելութիւնը պատիւ է`...

Երեսփոխան Բագրատունի  Ընդունեց Սքաֆը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Սքաֆը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ժողովրդային պլոքի նախագահ Միրիամ Սքաֆը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցան նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ժողովրդային պլոքին, ինչպէս նաեւ Սքաֆ ընտանիքին միջեւ տիրող հեզասահ յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով ՀՅԴ-ի եւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի միջեւ մտերմութիւնը:...

Պէյրութի Մէջ.  «Այցելութեանս Նպատակն Է Նախագահ Աունի  Եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Միջեւ  Համաձայնութիւնը Գործադրել»  Շեշտեց Սապհան

Պէյրութի Մէջ. «Այցելութեանս Նպատակն Է Նախագահ Աունի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Միջեւ Համաձայնութիւնը Գործադրել» Շեշտեց Սապհան

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերով պատասխանատու Թամեր Սապհան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կիրակի օր ժամանած էր Պէյրութ, երէկ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սապհան յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է նախագահ Աունի եւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը գործադրել: Սապհան նախագահ Աունին...

Հարիրի Եւ Դեսպան Մկրտչեան  Քննարկեցին Երկկողմանի Տնտեսական  Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Հարիրի Եւ Դեսպան Մկրտչեան Քննարկեցին Երկկողմանի Տնտեսական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ 2017-ին հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստը գումարելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Մկրտչեան շնորհաւորեց Հարիրին անոր նշանակումին եւ կառավարութեան կազմութեան առիթով, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն հինէն եկող բարեկամութեան, ինչպէս...

Զօր. Սլէյման Ընդունեց  Ժողովրդավարական  Հանդիպումի Պատուիրակութիւնն  Ու Սամի Ժեմայէլը

Զօր. Սլէյման Ընդունեց Ժողովրդավարական Հանդիպումի Պատուիրակութիւնն Ու Սամի Ժեմայէլը

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Անթուան Սաատ, Էլի Աուն, Հանրի Հըլու եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ զօր. Սլէյմանի նախագահած Հանրապետութեան հանդիպումին անդամները, որոնց շարքին` նախկին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, նախկին նախարարներ Ալիս...

Page 760 of 986 1 … 759 760 761 … 986

Արխիւներ