Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանցի Խմբագիրները

February 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանցի խմբագիրները, որոնց շարքին նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող ընտրական օրէնքի տագնապը կը կայանայ անոր մէջ, որ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ կը փափաքի իր համայնքին մէջ գտնուող փոքրամասնութիւնը ոտնակոխ դարձնել` մերժելով անոր ներկայացուցչութիւնը:

«Տակաւի՛ն, իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ կը փափաքի իր ձեռքը երկարել ուրիշին իրաւունքին եւ իւրացնել անոր պաշտօնները: Սակայն այս արարքներով կարելի չէ հայրենիք մը կերտել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է պայքարելու այս երեւոյթներուն դէմ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ եթէ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերուն արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը կարելի չըլլայ մշակել, ապա անկարելի է երկրին մէջ  արդարութիւն եւ քաղաքական կայունութիւն բանեցնել:

Ան կոչ ուղղեց որեւէ ընտրական օրէնքի պարագային մէկ չափանիշ որդեգրելու` դիտել տալով, որ եթէ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու հորիզոնները խաւարին, ապա ինք հաւանաբար դիմէ հանրաքուէի ընտրանքին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իր եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տարակարծութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւնը բացառիկ է:

Անդրադառնալով ընկերային հարցերուն` նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ ինք պիտի պահանջէ հաստատել տարեցներու ապահովագրութեան դրութիւնը:

Իր կարգին, Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն նախագահ Աունը նկատեց Ա. խմբագիրը, որ նաեւ ազատութեան եւ ազատագրումի ջահակիրն է:

Ան աւելցուց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան շրջանը իր մէջ կ՛ընդգրկէ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ, ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն վերադառնալու աւետիսները:

Էլիաս Աուն նաեւ նշեց, որ ինք համոզուած է, թէ նախագահ Աուն պիտի աշխատի ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու Լիբանանի, լիբանանցի ժողովուրդին ու լիբանանեան հաստատութիւններուն միասնականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Կրանտիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Դիւրացնէ Գաղթականներուն Վերադարձը Սուրիոյ Ապահով Շրջաններ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սամիր Ժահժահի

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.