ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը վերածուած է անշնչացած մարմնի մը, որուն կարելի չէ ոգի եւ շունչ ներարկել:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ որեւէ ձեւով գործակցիլ սուրիական վարչակարգին հետ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին զգուշացում կատարուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու, երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու կամ խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելու քայլերէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ընտրական նոր օրէնքով կատարելու իմաստով ազգային շահեր գոյութիւն ունին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անթուան Սաատ հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու իմաստով կատարուած բոլոր խորհրդակցութիւններուն մէջ պէտք է որդեգրել Թաէֆի համաձայնագիրի ոգին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ իր նախատեսութեամբ, նախքան 21 փետրուարը կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք պիտի չենթարկուին խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կամ 1960-ի ընտրական օրէնքը գործադրելու խուսանաւումին: Ան հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր անորոշութենէն դուրս եկած է եւ հաստատած, որ կը փափաքի առաջնորդուիլ 1960-ի ընտրական օրէնքին բարեփոխուած տարբերակով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութեան համար ճշդուած ժամկէտին մօտենալը` առանց ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու` սահմանադրական տագնապ մը կրնայ ստեղծել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Իսմայէլ Սըքքարիէ յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան վարչական իրավիճակը այլանդակուած է:
ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ երէկ ցոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ընտրական այն օրէնքները, որոնց պատճառով ամէնօրեայ դրութեամբ խախտումի կ՛ենթարկուի երկրին սահմանադրութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ եթէ իրենք փափաքին երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի «սպառնալիք»-ին լոյսին տակ, ապա պէտք է համաձայնին ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը` շեշտելով, որ այդ օրէնքը պիտի վաւերացուի 21 փետրուարէն առաջ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կարողութիւն ունի ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով ելքեր ապահովելու: