Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փէյթըլ Կը Խոստանայ Բրիտանիոյ Յանձնառութիւնը` Ուսման Մարզին Կատարուելիք Օժանդակութիւնները Աւելցնելու Իմաստով

February 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ միջազգային բարգաւաճման հարցերու պետական նախարար Փրիթի Փէյթըլ շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց Պեքաայի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայանները:

Փէյթըլի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը մաղթէ Բրիտանիոյ օժանդակութիւնը` սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը լուծելու իմաստով:

Ան գնահատեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը` տարբեր մարզերու պարագային, յատկապէս ապահովական եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ:

Նախագահ Աուն հաստատեց Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Փէյթըլ խոստացաւ Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը` ուսման մարզին կատարուելիք օժանդակութիւնները աւելցնելու իմաստով:

Հարիրիի Մօտ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց Փէյթըլը` ընկերակցութեամբ Շոըթըրի եւ ներկայութեամբ գաղթականներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպիի:

Հանդիպումէն ետք Փէյթըլ շեշտեց, որ Լիբանան իսկական առիթ մը ունի օգտուելու միջազգային ընտանիքին հետ իր գործակցութենէն:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական կայունութիւնը ողջունելի է` աւելցնելով, որ նոր խորհրդարան մը ընտրելու քայլերը իրենց կարգին յուսադրիչ են:

Փէյթըլ նշեց, որ Բրիտանիա կառչած կը մնայ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր յանձնառութիւններուն:

Փէյթըլ Կ՛այցելէ Պեքաա

Թաալպայայի մէջ սուրիացի գաղթականներուն այցելելէ ետք Փէյթըլ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն մարդկային իրավիճակը շատ վտանգաւոր է, աւելցնելով, որ ե՛ւ տեղահանուածները, ե՛ւ լիբանանեան ընկերութիւնները, որոնք առանց նախապայմանի հիւրընկալեցին զանոնք, յուսալքուած են:

Փէյթըլ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է բազմապատկէ Լիբանանին կատարած իր օժանդակութիւնները եւ պէտք է բաժնեկցի սուրիացի գաղթականներուն ու հիւրընկալ ընկերութիւններուն բարօրութեան պատասխանատուութիւնը:

Նախորդը

Պըրրի Ենթարկուեցաւ Վիրահատումի

Յաջորդը

Ամերիկացիներուն Կարծիքով` Հայաստան Աւելի՛ Սերտ Դաշնակից Է, Քան Թուրքիան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.