Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլորը Կը Մերժեն Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը, Սակայն Ընտրական Օրէնքը Տակաւին Կը Մնայ Անորոշ

February 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրական առումով արդէն մուտք գործած ենք ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու ամիսը, սակայն տակաւին ընտրական ոչ մէկ օրէնք վաւերացուած է իբրեւ վերջնական տարբերակ, որուն հիման վրայ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Վերջին օրերուն քաղաքական քաշկռտուքի նիւթի վերածուած ընտրական օրէնքներուն հարցը երկրին իշխանութիւնները վերածած է խառնարանի մը, ինչպէս կ՛երեւի քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւող եւ զանոնք մեկնաբանել փորձող քաղաքացիներուն:

Սակայն խորքին մէջ ատիկա կրնանք այլ բեմականացում մը նկատել` նախքան բուն եւ վերջնական բեմագրութեան սպրդեցումը հանրութեան դիմաց:

Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, թէ քաղաքական ուժերը ի վերջոյ ընտրական օրէնքի մը շուրջ պիտի համաձայնին:

Հըզպալլա կառչած մնաց համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին:

Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները կառչած մնացին մահաքունի մէջ եղող խառն ընտրական օրէնքին` փորձելով զայն յոյսի նշոյլներով ներկայացնել:

Իսկ Պնաշյիէն հնչեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին մերժումը` անարդար եւ անձնական հաշիւներէ մեկնած ընտրական օրէնքի տարբերակներուն, պահանջելով հիմնուիլ Ազգային ուխտին վրայ:

Այս բոլորին կողքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի նախկին դեսպաններու համախմբումը` նախագահութեամբ դեսպան Խալիլ Մաքքաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջեց համաձայնութիւն գոյացնել ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ: «Այնպիսի օրէնք մը, որ քաղաքական այս կամ այն ուժին շահերը ապահովելու նպատակով չէ մշակուած, այլ կը յարգէ քուէարկողին կողմնորոշումը եւ արդարութեան ոգին` առիթ տալով, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան իմաստով բոլորին իրաւունքը յարգուի եւ ոչ ոք իրաւազրկուի: Եթէ անոնք չհամոզուին այս տեսակէտով եւ մօտիկ ապագային կարելի չըլլայ լուծումի մը յանգիլ, ապա պիտի դիմենք սահմանադրական մեր իրաւասութիւններուն, որպէսզի սահմանադրութեան դէմ խոցելի արարքներ չգործուին», ըսաւ նախագահ Աուն:

ՆՇԵՆՔ, որ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Աուն երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Եգիպտոս, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ եգիպտացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, իսկ օր մը ետք ան միօրեայ այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Յորդանան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:

Զոյգ այցելութիւններուն ընթացքին նախագահ Աուն պիտի քննարկէ Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Հարիրի. «Պաղեստինցի Գաղթականներուն Տունդարձը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Իրագործուի»

Յաջորդը

12 Փետրուարին Շարք Մը Համայնքներու Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.