Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Մըլհեմ Ռիաշի «Նուր Արապ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի աշխատանքներուն մեկնարկին նուիրուած պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ներդրում ունեցած է արաբական զարթօնքին մէջ, ինչպէս որ արաբները ներդրում ունեցած են ազգերու զարթօնքին մէջ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Հեռնանտոն եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ռիքարտօ Փարտոն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով որդեգրուած միացեալ քայլերը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ Լիբանան դէպի պետութիւն կրնայ ուղղուիլ ընտրական արդար օրէնքի մը մշակումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու շրջաբերականը պիտի չվաւերացնէ, բացի եթէ կարելի ըլլայ վաւերացնել ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է վաւերացնել արդար եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացնող ընտրական օրէնք մը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ բոլորը կը պահանջեն ընտրական նոր օրէնք մը, որուն վաւերացումը կարելի պիտի դառնայ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ աղբերու լուծման նոր ծրագիրը ամէնէն մօտիկ ապագային պիտի հրապարակուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքին վրայ ոչ ոք վեթօ դրած է, այլ` անոր մանրամասնութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ճիգերը կը շարունակուին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի Մերժահիուն, Հասպայա եւ Արքուպ շրջաններուն վերեւ` ոտնձգութիւն գործելով երկրին գերիշխանութեան դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքի քննարկումին վերջ մը ճշդուած է, երբ քաղաքական ուժերը համոզուած են, որ անոր վաւերացումը գրեթէ անկարելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կենսոլորտային շարժումի նախագահ Փոլ Ապի Ռաշետ յայտնեց, որ աղբի տագնապի լուծման կարելիութիւնը մեծ է` շեշտելով, որ այդ տագնապը լուծելու ծրագիրը երկու ամսուան եւ չորս միլիառ լ. ոսկիի համազօր սարքերու կարիքը ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ իրենց դաշնակից եւ հակառակորդ քաղաքական ուժերը գործադրեն փոփոխութիւն իրականացնելու լիբանանցիներուն փափաքը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արթուն կը հսկէ եւ պիտի չարտօնէ, որ ընտրական նոր օրէնքին պարագային սահմանադրական խախտում արձանագրուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` ընտրական օրէնքին մասին ժողովրդային հանրաքուէի մը հրաւիրելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ խառն ընտրական օրէնքը յարմարագոյնն է, մինչեւ որ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում եւ այլ  համաձայնութիւններ գոյանան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին կիներու ներկայացուցչութեան 30 առ հարիւրի մասնաբաժինը գործադրելու իմաստով լուրջ աշխատանքներ ի գործ կը դրուին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ կուսակցութեան կեցուածքը յստակ է` ամբողջական համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը պահանջով:

 

 

Նախորդը

«Իսրայէլի Կողմէ Բնակավայրերու Կառուցումը Ո՛չ Կը Խափանէ, Ո՛չ Ալ Կը Նպաստէ Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Պասիլ Հանդիպում Ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?