Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրանտիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Դիւրացնէ Գաղթականներուն Վերադարձը Սուրիոյ Ապահով Շրջաններ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

February 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնը չի կրնար յաւիտեան տեւել, բայց եւ այնպէս Լիբանան ոչ մէկ կերպով պիտի ստիպէ սուրիացիներուն վերադառնալ իրենց երկիրը, երբ հոն կը տիրէ ապահովական անկայուն իրավիճակ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքին պարտականութիւնն է դիւրացնել սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը Սուրիոյ ապահով շրջաններ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հակառակ գաղթականներուն Լիբանանի մէջ գտնուելուն պատճառով երկրին մէջ տիրող տնտեսական վատ պայմաններուն, Լիբանան սկսած է տնտեսական զարթօնքի նոր փուլի մը:

Ան ընդգծեց քաղաքական լուծումը յաջողցնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Կրանտի հաստատեց, որ իրենց պարտականութիւնն է երաշխաւորել ապահով պայմաններ եւ յայտարարել վերականգնումի հանգրուան մը, նուազագոյնը սկզբնական փուլին, որպէսզի կարելի ըլլայ վերադառնալ կեանքի` նկատի ունենալով, որ պատերազմ վկայած սուրիական գրեթէ բոլոր շրջանները վերածուած են ոգիներով բնակուած քաղաքներու:

Կրանտի պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Սուրիա: Ան նշեց, որ ինք այս կեցուածքը փոխանցած է նաեւ սուրիացի պատասխանատուներուն:

«Սուրիոյ մէջ մեր անձնակազմը 400 անդամներէ կը բաղկանայ, եւ մենք պատրաստ ենք գործակցելու: Նախագահ Աունէն խնդրեցի համբերատար ըլլալ, որովհետեւ այս հարցերուն լուծումը կարելի չէ անմիջականօրէն ապահովել», ըսաւ Կրանտի:

Ան աւելցուց, որ ինք միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է Լիբանանի կատարուած օժանդակութիւնները աւելցնելու` նկատի ունենալով անոր մարդկային ջանքերը սուրիացի գաղթականներուն ծանր բեռին տոկալու իմաստով:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Կրանտին:

Քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

Կրանտի ընդգծեց, որ ՄԱԿ կը վերահաստատէ իր դրուատիքը` սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու Լիբանանի դերակատարութեան նկատմամբ:

Կրանտի յայտնեց, որ ինք համաձայն է Հարիրիի այն կարծիքին, որ միջազգային ընտանիքը Լիբանանին յաւելեալ օժանդակութիւններ պէտք է տրամադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն առողջապահութիւնն ու ուսումը ապահովել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսութիւնը ամրապնդել:

Մաշնուքի Մօտ

Կրանտի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որ ընդգծեց, թէ լիբանանեան ներքին քաղաքական համախոհութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Մաշնուք նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը քաջալերէ սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը Սուրիոյ ապահով շրջաններ:

Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում գործադրելու:

Կրանտի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանան հասած շուրջ մէկուկէս միլիոն գաղթականներուն թղթածրարը:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Կ՛ողջունէ «Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ Ուղիղ Թռիչքներու Հաստատումը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանցի Խմբագիրները

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.