Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Պաղեստինցի Գաղթականներուն Տունդարձը Իրաւունք Է Եւ Պէտք Է Իրագործուի»

Փետրուար 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ բացումը կատարեց «Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն եւ խմբաւորումներուն ու պաղեստինցի գաղթականներուն ընդհանուր հաշուարկ»-ը սկսելու ծրագիրին, որ կազմակերպուած էր Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ:

Ներկայ էին մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ  պաղեստինցի պատասխանատուներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ այսօրուան նուաճումը մեծ է` աւելցնելով, որ ատիկա շարունակութիւնն է նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի իրագործած ճիգերուն, որոնք այսօր կ՛արդիւնաւորուին:

«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ այս աշխատանքը ծառայէ պաղեստինեան դատին եւ աշխարհը տեսնէ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն տառապանքը», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն ներկայութիւնը անկասկած ողջունելի է, սակայն այս աշխատանքը կը հաստատէ պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքը, որ պէտք է իրագործուի:

«Այս ծրագիրին շնորհիւ մենք թիւերով պիտի կարենանք միջազգային ընտանիքին փաստել Լիբանանի եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ Իսրայէլի ստեղծած հարցերը: Այս հաշուարկին եւ վիճակագրութեան լոյսին տակ մենք միջազգային ընտանիքին կ՛ըսենք, թէ վերադարձի իրաւունքը պէտք է իրագործուի, որովհետեւ Լիբանան այսքան մեծ թիւով գաղթականներ չի կրնար հանդուրժել: Մենք յանձնառու ենք, որ այս աշխատանքը շարունակուի, եւ այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր դեսպաններու եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, որոնք ներկայ կը գտնուին այս ձեռնարկին», շեշտեց ան:

Իր կարգին, դոկտ. Կիտանեան շեշտեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն եւ խմբաւորումներուն ու պաղեստինցի գաղթականներուն ընդհանուր հաշուարկը կը կատարէ` հիմնուելով 25 օգոստոս 2016-ին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումին վրայ:

Դոկտ. Կիտանեան ընդգծեց, որ այդ հաշուարկը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն իմաստով, որ այդ վիճակագրութիւնը կը տրամադրէ բոլոր թիւերը եւ թուային պատկերները, որոնք անհրաժեշտ են` ճշդելու համար, թէ պաղեստինցի գաղթականները Լիբանանի մէջ ի՛նչ իրավիճակ կը ներկայացնեն:

Ապա դոկտ. Կիտանեան բացատրեց այդ հաշուարկն ու վիճակագրութիւնը կատարելու տարբեր հանգրուանները:

Ան նկատել տուաւ, որ այս պարագային կատարուած հաշուարկներն ու վիճակագրութիւնները կ՛ընդգրկեն միայն Լիբանանի տարածքին գտնուող կառոյցներն ու հաստատութիւնները` նկատի ունենալով օրէնքը եւ ոչ թէ Լիբանանի տարածքին ապրող պաղեստինցիներուն թիւը: «Եւ վստահ եմ, որ ներկաներուն համար գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, որ նման աշխատանքով բաւարարուիլը օրինակելի չի դարձներ այդ արդիւնքները` վիճակագրութեան միջազգային գիտական չափանիշները ամբողջացնելու առումով», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիան, ներկայութեամբ` Տաուտ Սայեղի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ նաւթի հանքերու պեղման եւ արտահանման աշխատանքներուն վերաբերող տուգանքները քննարկելու յատուկ նիստի մը, ներկայութեամբ` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի, Նաւթի մարզի տնօրինման խորհուրդի ներկայ նստաշրջանի նախագահ Ուիսամ Շպաթի, խորհուրդի անդամներ Ուիսամ Զահապիի եւ Կապի Տապուլի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆելի:

ՊԷՏՔ է աւելցնել, որ նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի կողմէ վարչապետարան կատարուած նախանցեալ գիշերուան այցելութեան նպատակն էր վարչապետ Հարիրիին փոխանցել Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մերժումը ընտրական օրէնքին շուրջ ընթացող խորհրդակցութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց Իրան Կատարելիք Իր Պաշտօնական Այցելութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Յաջորդը

Բոլորը Կը Մերժեն Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը, Սակայն Ընտրական Օրէնքը Տակաւին Կը Մնայ Անորոշ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?