Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին Հետ

February 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Հանրի Հըլու, Աքրամ Շեհայէպ եւ Ալաէտտին Թըրրօ, ինչպէս նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Քամալ Մուաուատ եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, ինչպէս նաեւ Թոնի Ֆրենժիէ:

Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս ընտրական օրէնքը:

Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ վերջին հանգրուանին իրենց վկայած քաղաքական զարգացումները բաւական վտանգաւոր կը նկատուին:

«Եթէ մենք ազգային օրէնք կը փափաքինք ունենալ, ապա պէտք է վերադառնանք Թաէֆի համաձայնագիրին, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք յանգիլ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը գոհացնող լուծումի մը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենց եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ մնայուն գործակցութիւն եւ համադրում կայ, աւելցնելով, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի քաղաքական ուժ մը, որ քրիստոնեաներուն իրաւունքները պաշտպանելու վերնագիրին տակ մուտք գործած է իշխանութիւն` ուրիշներուն հաշուոյն ինքզինք հզօրացնելու համար:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի որեւէ ընտրական օրէնքի, որ բոլորին համար արդար դուրս կու գայ` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ ընտրական օրէնքի այն տարբերակները, որոնց նպատակն է այս կամ այն քաղաքական ուժէն վրէժ լուծել:

 

Նախորդը

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ձերբակալեց Սաատ Ռիշան Առեւանգելու Գործողութեան Պատասխանատուն

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց Իրան Կատարելիք Իր Պաշտօնական Այցելութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.