ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ յետմիջօրէին այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
Մեհրապ այցելած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշքարեան:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս եւ Էտի Ապի Լամաա:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Ժահժահին կատարուած այցելութիւնը բնական է` փաստելու համար, որ քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնը հեզասահ է եւ օր մը օրանց չէ խզուած:
«Այսօրուան հանդիպումին ընթացքին քննարկեցինք կարեւորագոյն հարցը` ընտրական օրէնքը, որուն շրջագիծին մէջ մենք ընդգծեցինք, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` քաղաքական բոլոր ուժերուն, համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովելով: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեն, որ ջանքերը բազմապատկուին եւ մինչեւ 21 փետրուար կարելի ըլլայ արդար ու արդիական ընտրական օրէնք մը մշակել: Պէտք է մէկդի դնել 1960-ի ընտրական օրէնքը, կամ աւելի ճիշդը` Տոհայի «կեղծ» օրէնքը, որպէսզի մէկ կողմէ ապագային եւ յաջորդող սերունդներուն համար կարելի ըլլայ ընտրական օրէնք մը ձգել, իսկ միւս կողմէ` իբրեւ քրիստոնեաներ զգանք, որ այս պետութեան մէջ ներկայացուած ենք, եւ ոչ թէ իբրեւ թուային ուժ, որ վերջ գտած է Թաէֆի համաձայնագիրի օրերէն սկսեալ, այլ իբրեւ իրականութիւն, որ այս երկրին գոյացութեան հիմքն է: Որովհետեւ առանց քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն Լիբանան չի կրնար գոյութիւն ունենալ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքին մասին դիտողութիւններ կան, աւելցնելով սակայն, որ հետզհետէ որոշ չափանիշներու եւ սկզբունքներու իմաստով փոփոխութիւններ կը նշմարուին:
Յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ-ի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ խոր յարաբերութիւններու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ Կեդրոնական կոմիտէն ի սրտէ կ՛ողջունէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութիւնն ու յարաբերութիւններու ամրապնդումը: «ՀՅԴ-ն կը զգայ, որ ինք մաս կը կազմէ այս նոր տարազին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ դարձնել: Մեր քաղաքական ամբողջ պատմութիւնը փաստ մըն է քրիստոնէական միասնականութեան անհրաժեշտութեան: Իսկ այսօր կը վկայենք այդ միասնականութեան ամբողջացման կարեւոր մէկ բաժինին` մաղթելով, որ ազգային քրիստոնեայ բոլոր կողմերը մաս կազմեն միասնականութիւնը ամրապնդելու այս ճիգերուն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: