Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ձերբակալեց Սաատ Ռիշան Առեւանգելու Գործողութեան Պատասխանատուն
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նախանցեալ գիշեր Քոքոտիի շրջանին մէջ ձերբակալեց լիբանանցի գործարար Սաատ Ռիշան առեւանգելու գործողութեան պատասխանատուն: Ըստ գաղտնի սպասարկութեան, ձերբակալուած անձը Մոհամետ Ապու Համատ Իսմայէլն է` Պրիթել շրջանէն: Նշենք, որ փոխվարչապետ եւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շնորհաւորեց ապահովութեան ուժերը Ռիշան առեւանգելու գործողութեան պատասխանատուն ձերբակալելու առիթով` ընդգծելով, որ այս քայլը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը եւ անոր նկատմամբ քաղաքացիին վստահութիւնը: «Օրէնքի...




















