Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի  նախանցեալ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն ընկերակցեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ Նատեր Հարիրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին մասին կատարուած խորհրդակցութիւնները:

Հարիրի եւ Ժահժահ համաձայնեցան ամէնէն արագ միջոցին վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որ կը փարատէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն մտահոգութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Վատիկան, ուր պիտի մասնակցի կաթողիկէ համայնքի կրթական-պապական եռօրեայ համագումարին: Կը նախատեսուի, որ Մար Մարունի տօնին առիթով, Ռայի պատրիարքը նախագահէ  Հռոմի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` անոր մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով երէկ թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Հասպայայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ ընտրական օրէնք մը, որ առողջ ու արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրին ոգին կը դրսեւորէ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը դէպի պետութիւն անցում մը կատարելու հիմնական անցքը կը նկատուի:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջած են ընտրական օրէնքի քննարկումը միայն քաղաքական չորս ուժերու միջեւ չսահմանափակել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը երբեք չէ ակնարկած համամասնական դրութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը անկիւնադարձային է եւ պատմական:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստ է լսելու ընտրական օրէնքի որեւէ առաջարկ կամ տարբերակ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ` հեռու մնալով յեղաշրջումի միտող շարժումներէն:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած ընտրական օրէնքները հակասահմանադրական են եւ Լիբանանի Ազգային ուխտին չեն համապատասխաներ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք չի կրնար իր դաշինքները յստակացնել` նախքան ընտրական նոր օրէնքի հրապարակումը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ խորհրդարանը կ՛ուղղուի դէպի պաշտօնավարութեան երրորդ երկարաձգում:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին շնորհիւ կարելի եղած է ամրապնդել լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը փրկել զանազան տագնապներէ:

 

Նախորդը

Ասթանայի Մէջ Զինադադարի Հսկողութեան Գործիքակազմին Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Զօր. Սլէյման Ընդունեց Ժողովրդավարական Հանդիպումի Պատուիրակութիւնն Ու Սամի Ժեմայէլը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?