Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու 1960-ի Ընտրական Օրէնքով Կամ Այդ Օրէնքին Բարեփոխուած Տարբերակով

Փետրուար 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, դարձեալ կուսակցութեան նախագահը վերընտրուելէ ետք, երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ վիրաւորական այն յօդուածներուն, որոնք կը յուշեն, թէ Լիբանանը բաղկացնող որոշ շերտեր վտանգուած են:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի պատմութիւնը հիմնուած է բազմազանութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համագործակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ ո՛չ ոք պէտք է վախնայ եւ վտանգուած զգայ:

Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք միշտ ալ նախագահած է Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը, որ նախապէս 18 երեսփոխանէ կը բաղկանար, իսկ այժմ` 11: «Այս պլոքին թիւը կրնայ աւելի եւս նուազիլ, սակայն կարեւորը այն է, որ այս պլոքը կը մնայ բազմազան եւ կը ներկայանայ քաղաքական միասնական կեցուածքով», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու 1960-ի ընտրական օրէնքով կամ այդ օրէնքին բարեփոխուած տարբերակով:

«Իսկ եթէ կարելի չեղաւ այդ ձեւով կատարել, ապա պէտք է ամբողջական կերպով գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը: Կրնանք ուղղուիլ դէպի քաղաքական համայնքայնութեան ջնջում` պահպանելով հանրապետութեան նախագահի քրիստոնեայ ինքնութիւնը: Երբ քաղաքական համայնքայնութիւնը ջնջենք, ապա խորհրդարանը համայնքային իր երանգը կը կորսնցնէ, եւ այդ պարագային կրնանք համամասնական դրութեամբ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել», նշեց Ժոմպլաթ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան հիմնուած է բոլորին միջեւ համագործակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը գործակցի Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութիւններուն, Ամալ շարժումին, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ: «Մենք կ՛ընդգծենք նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով սակայն, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան խորհրդարանին աթոռները», յայտնեց Ժոմպլաթ:

Ան մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հասկնայ իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտը` դիտել տալով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելը ամէն բանէ կարեւոր է:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

«Իրան Այցելութեանս Նպատակն Է Երկկողմանի Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Բարելաւել» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?