Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ համակարծիք եղած է այն գաղափարին շուրջ, որ անհրաժեշտ է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը: