Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան մտայնութեան եւ ծրագիրներուն մէջ սուրիացի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու գաղափարը առկայ է` շեշտելով միաժամանակ, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը կը կարօտի լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան:
Խուրի սուրիական իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցելու լիբանանեան կողմին հետ` աւելցնելով, որ Սուրիա պատրաստ է սուրիացի գաղթականները պատսպարելու համար յատուկ վայրեր տրամադրելու:
ՄԻՒՍ կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառչած կը մնայ սուրիացի գաղթականներուն Սուրիա տունդարձի ընտրանքին` աւելցնելով, որ այս նպատակով հանրապետութեան նախագահին Դամասկոս այցելութիւնը մօտիկ ապագային կրնայ կատարուիլ: