Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Աշխուժացման Ծիրին Մէջ. Յորդանանի Զբօսաշրջութեան Նախարարը Այցելեց Պէյրութ
Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ հիմնականին մէջ զբօսաշրջութեան մարզի աշխուժացման քայլերուն ծիրին մէջ, երէկ Պէյրութ հասաւ Յորդանանի զբօսաշրջութեան նախարար Լինա Անապ` քանի մը օրուան այցելութեան ծիրին մէջ: Նախարար Անապ պիտի տեսակցի Լիբանանի իր պաշտօնակիցին` նախարար Աւետիս Կիտանեանի, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Ան պիտի այցելէ նաեւ կարգ մը հոգեւոր կեդրոններ:




















