Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 12-րդ տարելիցին առիթով երեքշաբթի, 14 փետրուար 2017-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` ոգեկոչելու անոր յիշատակը:
«12 անգամ 14 փետրուար – Ապագան երազդ է» կարգախօսը կրող ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսա, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի հազարաւոր հետեւորդներ:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի «Պիել» հասաւ ընկերակցութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութեամբ, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին վարչապետին յիշատակը:
Իր հօր նահատակութեան 12-րդ տարելիցին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի անունը քաղաքական
վրէժխնդրութեան նպատակով պիտի չօգտագործուի, ինչպէս նաեւ պիտի չըլլայ անուն մը լիբանանցիներուն միջեւ ատելութիւն սերմանելու:
Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ իր հայրը լաւապէս գիտակցած է Լիբանանի մէջ համաձայնութիւն գոյացնելու կարեւորութեան` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը երբեք պիտի չզիջի իր իրաւունքներէն եւ սկզբունքներէն, որոնցմէ են Միջազգային դատական ատեանը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Ասատի վարչակարգն ու Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:
Հարիրի նշեց, որ իր հօր սպանութեան հարցով արդարութիւնը պիտի պարտադրուի, «այս արդարութիւնը Ռաֆիք Հարիրիին կատարած մեր խոստումն է», ըսաւ ան:
Հարիրի նշեց, որ նախորդ ամիսներուն ընթացքին զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու իրենց քաջ որոշումը փոխեց երկրին կացութիւնը` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին հետ զիրենք բախումի մղող կողմերը սխալ հասցէ կը փորձեն այցելել եւ ձախող դուրս պիտի գան:
«Մուսթաքպալ հոսանքը յանձնառու կը մնայ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու` առանց անտեսելու իր դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, որպէսզի կարենայ պահպանել լիբանանցիներուն միջեւ գործակցութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց նաեւ կիներու ներկայացուցչութիւնը ապահովող 30 առ հարիւրի մասնաբաժինի գործադրութիւնը` շեշտելով, որ խիստ մերժելի է իգական սեռը դուրս ձգել երկրին ժողովրդավարական համակարգէն:
Հարիրի կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` շեշտելով, որ իրենք պատրաստ են որեւէ օրէնքի հիման վրայ ուղղուելու դէպի քուէատուփերը` խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:
Անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ կացութեան` Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան արաբ իր եղբայրներուն դէմ հակադրուելու առումով այս կամ այն առանցքին մաս պիտի չկազմէ երբեք, եւ աւելցուց, որ իրենք նախանձախնդիր են Լիբանանի պահպանումին եւ պիտի չարտօնեն, որ Լիբանան սակարկութեան առարկայի վերածուի կամ առեւանգուի:
«Մենք ջատագովները պիտի մնանք Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ կիրարկուած` լիբանանցիները հաշտեցնելու քաղաքականութեան, մերժելով վրէժխնդրութիւնը եւ պահանջելով արդարութիւնը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով երկրին ապահովական կայունութեան` Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան ապահովական կայունութիւն կը վայելէ շնորհիւ իր բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
Սաատ Հարիրի իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ միջլիբանանեան հաշտութիւնը անկարելի չէ, իսկ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնն ու լիբանանեան արդի պետութեան հիմնումը զուգահեռաբար կարելի է իրականացնել:
Նշենք, որ Հարիրիի սպանութեան զուգադիպող ժամուն` կէսօրուան ժամը 12:55-ին, Այն Մրայսէի մէջ զետեղուած ջահը վառեցաւ, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող իր հօր դամբարանը:
Միւս կողմէ, Հարիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իրենց կատարածը մեծ նուաճում էր` նշելով, որ ինք նախագահ Աունի հետ պիտի շարունակէ գործակցիլ, որպէսզի լիբանանցիներուն մտայնութեան մէջ վերջ գտնէ երկրին քաղաքական աշխատանքը տեղքայլի մատնելու ամէն տեսակի մօտեցում:
Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ իրենց յարաբերութիւնը հիմնուած է անկեղծութեան եւ նուիրումի վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի Ա. եւ Գ. իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան: «Անշուշտ մեր միջեւ քաղաքական տարակարծութիւններ կան, սակայն կարելի չէ այդ տարակարծութիւններուն կառչած մնալ եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքը սառեցնել: Քաղաքական մեր ներքին տարակարծութիւնները դէպի արտաքին աշխարհ պէտք չէ արտացոլայ», յայտնեց ան: