ԱՐՍԱԼԻ Սապիլ հրապարակին վրայ նախանցեալ գիշեր գտնուեցաւ Ապու Ատհամ Համաուիի դիակը: Ան ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու մըն է եւ սպաննուած է մոթորսիքլեթներ վարող երեք անծանօթներու արձակած փամփուշտներով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմէն: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ պետական ամավարկը անյապաղ վաւերացնելու առումով կատարեալ համախոհութիւն գոյութիւն ունի նախարարաց խորհուրդին մէջ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը ռազմավարական որոշում մըն է` լիբանանեան պետութիւնը հիմնելու առումով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս ընդունեց Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու Զահլէի կարիքները: Հանդիպումին ընթացքին Սքաֆ Ֆընիանոսին ներկայացուց Զահլէի բարգաւաճման վերաբերող պահանջներու ցանկ մը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ համամասնական դրութեամբ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւնները կ՛արտօնեն, որ զինեալ քաղաքական ուժերը իրենց հակակշիռը բանեցնեն երկրին վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի չարտօնէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, բացի երբ այդ ընտրութիւնները կատարուին ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի իր բոլոր դաշնակիցներուն հետ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ են` պաշտպանելու բոլոր շուկաները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ պետական ամավարկը վաւերացնելու կողքին կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային կացութեան մասին պատկեր մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր շեշտեց, որ անկարելի է պետական ամավարկը մշակել` առանց աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու:
ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ այն համաձայնութիւնը, որ Սաատ Հարիրին վարչապետ դարձուցած է, կը ստիպէ անոր Դիմադրութեան զէնքին մասին ոչինչ խօսիլ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս հաստատեց, որ խորհրդարանը կ՛որոշէ աշխատավարձի յաւելումները եւ ոչ թէ կառավարութիւնը: