Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է գործակցին` պահպանելու համար իրենց հայրենիքը, ինչպէս նաեւ պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը ամբողջանալու սեմին կը գտնուի: Ռիաշի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` հասնելու համար ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ պետական ամավարկի թղթածրարը վաւերացումի հունին մէջ դրուած է:

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ փտածութեան պատասխանատու է երկրին տնտեսութեան մասին կազմուած սխալ մտայնութիւնը: Միւս կողմէ, Թուէյնի շեշտեց, որ տուրքերու իմաստով իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն միջին դասակարգին վրայ յաւելեալ տուրքեր չպարտադրելու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ նաւթի ընկերութիւնները կրնան յայտարարուած աճուրդին մասնակցիլ յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ զէնքը իշխանութիւն է, իսկ երկրին կարելի է իշխել միայն օրինական իշխանութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր ընդգծեց, որ իրենք չեն զղջացած զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու համար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր Ելեկտրականութեան ընկերութենէն պահանջեց Պըպնինը օժտել երեք նոր ելեկտրակայաններով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

ԼՍԱՏԵՍՈՂԱԿԱՆ լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ շեշտեց, որ ներկայիս այս խորհուրդին պարտականութիւնը միայն խորհրդակցական է:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ պէտք է որդեգրել ընտրական օրէնք մը, որ կը ծառայէ քաղաքացիական պետութեան կերտումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ իրենք լաւատես են եւ կ՛ակնկալեն, որ ընտրական խառն օրէնքը վաւերացուի նախքան երեքշաբթի օրը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական կառոյցներէն, շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան շարք մը այլ երկիրներ:

 

Նախորդը

«Համազասպ Սրվանձտեանց» Աշխատութեան Շնորհահանդէսը` Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Յատկացնել 250 Հազար Տոլարի Պարգեւ` Առեւանգուած Զինուորներու Ճակատագիրին Մասին Տեղեկութիւն Փոխանցողին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.