Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը աւետեց, թէ 70 առ հարիւր համեմատութեամբ զեղչ պիտի կատարէ տեղեկատուական մարզի հաստատութիւններուն պետութեան վճարելիք գումարներուն վրայ: Նախարար Ռիաշի անհաւանական նկատեց, որ կառավարութեան իր պաշտօնակիցները առարկեն իր առաջարկներուն` ընդգծելով, որ ինք պատրաստած է «տեղեկատուական մարզը փրկելու կոչուած շարք մը օրինագիծեր:
Նշենք, որ նախարար Ռիաշի նախապէս խոստացած էր որոշ բարեփոխումներ կատարել Խմբագիրներու սենտիքայի օրէնքներուն մէջ` գործակցաբար սենտիքայի վարչական խորհուրդին հետ: