Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Ֆրանսուա Ռույի:
Հանդիպումին ընթացքին Ռու նախագահ Աունին ներկայացուց իր նախագահած գրասենեակին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ դրուատեց Լիբանանի արդարութեան նախարարութենէն եւ իրաւաբաններու սենտիքայէն ստացած օժանդակութիւնը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հրապարակեց խորհրդարանին վաւերացուցած 32 օրէնքները: