Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան պետական ամավարկը եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումն ու նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած ապահովական խախտումները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընդգծած է պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ պետական տուրքերու գանձումները բարելաւելու կարեւորութիւնը:
Ռիաշի շեշտեց, որ կառավարութիւնը հաստատած է խօսքի եւ տեղեկատուութեան մարզի ազատութիւնը յարգելու, ինչպէս նաեւ օրէնքին ճշդած սահմաններուն մէջ բողոքի ցոյցերը կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ նիստին ընթացքին արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատած է, որ դատական իշխանութիւնները հաշուետուութեան պիտի կանչեն «Ժատիտ»-ի դէմ յարձակումները:
Ռիաշի նշեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ քննարկել պետական ամավարկը եւ այդ նպատակով նիստ մը պիտի գումարէ ուրբաթ յետմիջօրէին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի գումարէ երեք իրերայաջորդ նիստեր` զայն վաւերացնելու նպատակով:
«Պետական ամավարկին քննարկումը պիտի կատարուի կառավարութեան նիստին ընթացքին եւ անոր մանրամասնութիւնները պիտի մնան նախարարաց խորհուրդին մօտ: Այդ խորհրդակցութիւնները աւարտելէ անմիջապէս ետք արդիւնքը պիտի յայտարարուի», ըսաւ Ռիաշի:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիաշի յայտնեց, որ ինք իբրեւ նախարար իր պարտականութիւնները կատարած է` աւելցնելով, որ այդ մասին դատական իշխանութիւնները իրենց որոշումը պիտի տան: