Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կայ Ընտրական Օրէնքի Տարբերակ Մը, Որ Համամասնական Եւ Մեծամասնական Դրութիւնները Մէկ Չափանիշի Շուրջ Կը Համախմբէ» Ընդգծեց Ժրայսաթի

February 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը անդրադարձած է հանրապետութեան նախագահի կեցուածքներուն, որոնք արեւու նման յստակ են եւ բացատրութեան ու մեկնաբանութեան չեն կարօտիր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միջազգային յանձնառութիւններուն չեն սպառնար:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախագահական ներկայ նստաշրջանին խորագիրը կայունութիւնն է, ինչպէս հաստատած է հանրապետութեան նախագահը, աւելցնելով, որ այդ սկզբունքներուն եւ միջազգային յանձնառութիւններուն առումով ոչ մէկ հակադրութիւն գոյութիւն ունի:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումը կարեւոր է` նկատի ունենալով, որ 12 տարիէ ի վեր լիբանանեան պետութիւնը իր պիւտճէի նախագիծը չէ ունեցած: Ան նշեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումը պիտի ըլլայ առիթ մը` սրբագրելու համար ելեւմուտքի նախարարութեան ընթացքը:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը անկարեւոր է, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի Թաէֆի համաձայնագիրին, «իսկ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ անիկա իշխանութիւնը կազմակերպելու հիմքն է: Այս շրջագիծին մէջ, կայ ընտրական օրէնքի տարբերակ մը, որ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւնները մէկ չափանիշի շուրջ կը համախմբէ», հաստատեց Ժրայսաթի:

Ան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի կազմակերպէ քաղաքապետարաններու յատուկ խորհրդաժողով մը` նկատել տալով, որ քաղաքապետարաններու իրաւունքներուն եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճման առումով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը աշխուժ է, «իսկ մենք կը գտնուինք վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու օրէնքին որդեգրման սեմին», եզրափակեց Ժրայսաթի:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Կը Զգուշացնեն Իրենց Քաղաքացիները Լիբանան Այցելելէ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Սամի Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.