Դիմադրութեան հիմնադիր ղեկավարներուն յիշատակի ձեռնարկին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմի 11-ամեակին առիթով պատրաստուած էին տեղեկագիրներ` իսրայէլեան երրորդ պատերազմի մը մասին, «սակայն այդ պատերազմը պիտի չբռնկի կարգ մը պատճառներով: Ընդհակառակն` իսրայէլացիները իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սկսած են պաշտպանութեան ծրագիրներ որդեգրել: Այդ ծրագիրներուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ Հայֆայի ամոնիաքի պահեստները տեղափոխելը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` նշելով, որ տակաւին ամերիկեան վարչակարգին մօտ յստակ կողմնորոշում չկայ Լիբանանի դէմ պատերազմ բռնկեցնելու առումով:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ եթէ ինք Հայֆայի ամոնիաքի պահեստները հիւլէական ռումբի համազօր նկատած է, «ապա իսրայէլեան ուժերը նշած են, որ այն նաւերը, որոնք ամոնիաքով բեռնաւորուած` բռնագրաւուած Պաղեստինի ծովուն մէջ կը գտնուին, 5 հիւլէական ռումբի համազօր են: Հարց կու տանք, որ այդ նաւը մեր ուշադրութենէն ո՞ւր կրնայ անհետանալ: Եթէ Հայֆայի պահեստանոցը դատարկուի, հաւանաբար մենք կրնանք հասնիլ նաեւ հոն, ուր պիտի փոխադրուի այդ ամոնիաքը, սակայն նաւուն պարագային` ո՞ւր պիտի փոխադրեն կամ պահեն նաւը: Ի՞նչ ալիքի տակ պիտի կարենան պահել զայն», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց իսրայէլեան ուժերուն ո՛չ միայն փոխադրելու ամոնիաքի պահեստը, այլ նաեւ կազմաքանդելու Տիմոնայի հիւլէական կայանը: «Մենք միշտ գաղտնիքներ ունինք, եւ որեւէ պատերազմի պարագային կրնաք անակնկալի մատնուիլ մեր գաղտնիքներէն, որոնք կրնան փոփոխութեան ենթարկել որեւէ պատերազմի ընթացքը: Հետեւաբար Լիբանանի եւ Դիմադրութեան դէմ բռնկելիք որեւէ պատերազմ անմիտ արարք մը պիտի ըլլայ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Անդրադառնալով պաղեստինեան հարցին` սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց երկու պետութիւններու լուծումը մերժող գրեթէ պաշտօնական կեցուածքին դէմ արաբ ղեկավարներուն ցուցաբերած անտարբերութիւնն ու լռութիւնը: Ան շեշտեց, որ ոչ մէկ արաբ ղեկավար յանդգնած է Նեթանիահուին պատասխանել եւ արժանապատիւ կերպով հաստատել, թէ ան տակաւին թշնամի է եւ ոչ թէ դաշնակից:
ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը կ՛ուղղուի դէպի յաղթանակ, մանաւանդ երբ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներն ու ղեկավարութիւնը հակադրուած են զիրենք ստեղծող կողմերուն եւ հակակշիռէ դուրս եկած են:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ շրջանին կացութիւնը կը փոխուի եւ անոր ապագան խոստմնալից է, յատկապէս հաշուի առնելով, որ անոր քայքայումին համար որդեգրուած բոլոր ծրագիրները պարտութեան կը մատնուին: