Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Փետրուար 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, նախարար Ալի Քանսօ, կուսակցութեան պատասխանատուներ Նեժիպ Խոնայսեր, Հասսան Սաքըր, Քայսար Օպէյտ եւ Ռիշար Ռիաշի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից Ղովմի կուսակցութեան հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները` սկսեալ խորհրդարանի աշխատանքէն, հասնելով մինչեւ կառավարութեան աշխատանքներուն, յատկապէս նոր իշխանութեան օրով:

«Կը նշմարենք, որ հանրապետութեան նախագահը օրըստօրէ յաւելեալ կառչածութիւն կը ցուցաբերէ իր սկզբունքային կեցուածքներուն նկատմամբ եւ վճռական է այդ կեցուածքները ներկայացնելու իբրեւ սկիզբ եւ անհրաժեշտութիւն` իր իշխանութեան: Բայց եւ այնպէս կան դժուարութիւններ, որոնք կը խոչընդոտեն փափաքներու իրականացումը», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ շարք մը ընկերային հարցեր, որոնց շարքին` աշխատավարձի յաւելումը: «Համաձայն ենք աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու եւ իրաւունքը իր իրաւատէրերուն յանձնելու: Միւս կողմէ, կը մերժենք տուրքերու յաւելումը, անհրաժեշտ կը նկատենք տուրքերու հարցը վերատեսութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ վերստին քննութեան առարկայ դարձնել փտածութեան եւ մսխումի թղթածրարը», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ հանդիպումը միայն այդ օրէնքը քննարկելու առիթով չէ կատարուած, «որովհետեւ ՀՅԴ-ի եւ Ղովմի կուսակցութեան միջեւ դաշինքը ընտրական օրէնքի կամ ընտրական դաշինքի կամ այս կամ այն ընտրացանկին վրայ չէ հիմնուած, այլ` անիկա կու գայ անցեալ դարու վաթսունական եւ եօթանասունական թուականներէն», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ ՀՅԴ-ն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը սկզբունքի դաշնակիցներ են, որոնք կառչած կը մնան կարեւոր ընդհանուր կեցուածքներու:

Ան յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած բոլոր հարցերուն մասին ՀՅԴ-ն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը նոյն տեսակէտները բաժնած են:

Իր կարգին, նախարար Քանսօ յայտնեց, որ Ղովմի կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ կան ռազմավարական հասարակաց սկզբունքներ, որոնք հինէն կու գան: «Փորձառութիւնը փաստած է, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ դաշինքը հիմնուած է այդ սկզբունքներուն վրայ, եւ հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է նկատի ունենալ ՀՅԴ-ի կեցուածքը` քաղաքական կարգ մը կարեւոր հարցերու շուրջ», ըսաւ ան:

Ա. Քանսօ յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` դրուատելով Լիբանանի մէջ տիրող երկխօսութեան մթնոլորտը, որուն շնորհիւ կ՛ամրապնդուի երկրին ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը:

«Զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը կը դրսեւորէ այս մթնոլորտը` նկատի ունենալով, որ այս փուլին ընթացքին անոր վստահուած է երկրին փրկութիւնը, եւ մեծ յոյսեր տածուած են անոր նկատմամբ: Հանրապետութեան նախագահին հետ մեր բաժնած սկզբունքները, որոնց մասին ան կ՛արտայայտուի, Լիբանանը անձեռնմխելի կը պահեն եւ չեն արտօներ, որ ան սայթաքի քաղաքական վտանգաւոր ընտրանքներուն մէջ` երկիրը մատնելով քանդումի», ըսաւ ան:

Նախարար Քանսօ նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին շուրջ Ղովմի կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքները նոյնն են` շեշտելով, որ զոյգ կուսակցութիւնները կը մերժեն սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիներուն եւ ժողովուրդին համեստ դասակարգին վրայ պարտադրուելիք որեւէ տուրք:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ակնարկելով` Ալի Քանսօ շեշտեց, որ իսկական ժողովրդավարութիւնը եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կարելի է ապահովել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքով: Ան աւելցուց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը առիթ կու տայ, որ բոլոր քաղաքական ուժերը իրենց ճիշդ չափով ներկայացուին: «Հետեւաբար անկարելի է պատմական այս առիթը փախցնել եւ վերադառնալ այնպիսի օրէնքներու, որոնք 1960-ի ընտրական օրէնքը կը յիշեցնեն, եւ որոնք Լիբանանի անկախութեան օրէն մինչեւ օրս քաղաքական յաւելեալ լարուածութիւն կը յառաջացնեն եւ Լիբանանն ու լիբանանցին իսկական ժողովրդավարութենէ կը զրկեն», հաստատեց Քանսօ:

Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համախոհութեան եւ երկխօսութեան այս մթնոլորտին մէջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին եւ լիբանանցիները առիթ ունենան իրենց քուէարկութեան իրաւունքը գործադրելու` ընտրելով իրենց ձգտումները իրականացնելու եւ հզօր, արդար ու կարող պետութիւն կերտելու ատակ թեկնածուները:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին Ներկայացուց Իր Ցուցակը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուիկինզ Նշանակեց 40 Կէտ, Մինչ Ուեսթպրուք Եւ Հարտեն` 38-ական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?